2009-02-23 14:01:33

Ոչ եւս է վիէթնամցի կարտինալ Փօլ Ժոզէֆ ֆամ Տին Թունկ


Կիրակի փետրուար 22ին իր մահկանացուն կնքեց Վիէթնամի երբեմնի առաջնորդը՝ կարտինալ Թունկ։ Ան եղած է Հանոյի առաջնորդ։ Վիէթնամի կառավարութիւնը զինք պարտադիր տնային բանտարկութեան դատապարտած էր։ Չկարենալով իր առաքելութիւնը կատարել ողբացեալը ինքզինք տուաւ Աւետարանի թարգմանութեան գործին։ Կարտինալ Թունկ երկրին մէջ հիմնած է ծխական խորուրդը, որուն պարտականութիւնն է հսկել ժողովրդապետութիւններու հոգեւոր կեանքին։ Ներկայիս Վիէթնամին մէջ կան երկու հազար ծխական խորհուրդներ, որոնց պարտականութիւնն է նաեւ՝ կազմակերպել կրօնուսուցում եւ կրօնական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններ ։ Կարտինալ Թունկ նաեւ հիմնած է կրօնուսոյցներու դպրոցը։ Այդ նախաձեռնութեան շնորհիւ է որ, ներկայիս երկրին մէջ կան 200 կրօնուսոյցներ որոնք երկրի տարածքին քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ջամբեն։ Հանգուցեալի թաղման կարգը նախատեսուած է փետրուար 26ին Հանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Կարտինալ Թունկի մահով կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 187, որոնց 115 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.