2009-02-22 15:29:06

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Նախագահ Սարգսեանի աշխատանքային հանդիպումը Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ազգային յանձնախումբի նախագահ Գրիգոր Ամալեանի հետ։

Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ազգային յանձնախումբի նախագահ Գրիգոր Ամալեանը. հանդիպումին՝ քննարկուած են Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հեռարձակման մարզին մէջ առկայ խնդիրներն ու զարգացող հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։

Ամալեան նախագահին ներկայացուցած է իր ղեկավարած յանձնախումբին մօտեցումները՝ սոյն խնդիրներու լուծման եւ ոլորտի զարգացման վերաբերեալ։ Հայրենի նախագահը խօսելով՝ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հաղորդումներուն որակին վերաբերեալ վերջին շրջանին մէջ արձանագրուած հասարակական մտահոգութիւններուն մասին, ընդգծած է որակական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ կարեւոր նկատած է ոլորտը կարգաւորող օրէնսդրական բարեփոխումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու այդ գործընթացին։



Լիբանան- Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս Եղիա-Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Վարդանանց տօնակատարութիւն։

Հինգշաբթի, 19 փետրուար 2009ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս Եղիա-Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս պատարագ՝ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով։ Պատարագեց գեր. Հ. Եղիա վրդ Եղիայեան, որ այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ վեր առաւ Վարդանանց հաւատամարտին կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ազգապահպանման խորհրդանիշ։








All the contents on this site are copyrighted ©.