2009-02-21 12:34:30

Կիրակի 22 Փետրուար 2009 Ծոմ եւ Պահք – Սկիզբ Քառասնորդաց շրջանի

(Մատթէոս Զ. 1-21)


Կիրակի 22 Փետրուար 2009 Ծոմ եւ Պահք – Սկիզբ Քառասնորդաց շրջանի

(Մատթէոս Զ. 1-21)

Այսօր կը սկսինք Քառասնորդաց շրջանը, որ քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար ապաշխարութեան, ծոմի եւ պահքի 40 օրերու շրջան մըն է, հետեւելով Քրիստոսի անապատ քաշուելու 40 օրերուն, քարոզութեան սկսելէ առաջ։ Այս շրջանը նաեւ մեզ կը պատրաստէ Սուրբ Զատկուայ տօնին։

Սակայն մեր աչքերը կուրցած չեն եւ երբ ակնարկ մը նետենք քրիստոնեայ կոչուած ազգերուն, մենք չենք գտներ ապաշխարութեան հոգին, որ յատուկ է այս շրջանին։ Ամէն մարդ կը շարունակէ իր սովորական կեանքը, իբրեւ թէ անարժէք եւ դարուս անպատշաճ որոշումներ ըլլային ապաշխարանքը, ծոմը եւ պահքը։

Բայց երբ մեր ակնարկը դարձնենք իսլամական կոչուած երկիրներու վրայ, որոնք մեզի նման 30 օրուայ խիստ ծոմ եւ պահք ունին, զոր Ռամատան կը կոչեն, որովհետեւ կը զուգադիպի իսլամական նոյնանուն ամսուան հետ, կ՛անդրադառնանաք թէ անոնք, գէթ անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, մեծ հաւատարմութեամբ ու ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց այդ կրօնական պարտականութիւնը եւ զայն կը դասեն որպէս անզանցելի ու նաեւ օգտակար մարմնի առողջութեան համար։

Ինչու՞ համար մենք քրիստոնեաներս` օգուտ պիտի չքաղենք այս յարմար առիթէն, որպէսզի մարմնական մահացուցումներով զօրացնենք մեր մարմինն ու հոգին միեւնոյն ատեն։ Սեպենք որ Եկեղեցւոյ կողմէ մեզի խրատուած Ռեժիմ մըն է եւ ոչ թէ բժշկին կողմէ։ Բժիշկին պատուիրած Ռեժիմին խստիւ կը հետեւինք, բայց զանց կ՛ընենք Եկեղեցւոյ մեզի տուած սրբազան պատուիրանը։

Այս կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ` Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ մեր աղօթքն ու ծոմը կատարելու գաղտնաբար եւ ոչ թէ մարդոց աչքին երեւնալու համար։ Մինչ կարգ մը կրօնքներ կը տառապին այդ բարդոյթէն, որով եթէ մարդոց աչքին առջեւ չերեւնայ իրենց ծոմապահութիւնը, զայն իրագործած չեն ըլլար կրօնքի պատուէրին համաձայն։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի թէ արտաքինը չէ որ մարդս կը փոխէ եւ դէպի լաւագոյնը կ՛առաջնորդէ, այլ ներքին կեցուածքը, որով մենք ուղղակիօրէն կապի մէջ կը մտնենք Աստուծոյ հետ որ մեր Արարիչն է եւ Քրիստոսի հետ` որ մեր փրկիչն է։

Քառասնորդացի մուտքին` Կաթողիկէ Եկեղեցին, խորհրդաւոր արարողութեամբ մը մեզ կ՛ուզէ ներմուծել հոգեւոր աշխարհին մէջ. Մոխրոց արարողութեամբ` քահանան մեր գլխուն վրայ կը ցանէ մոխիրը ըսելով. Յիշէ ով մարդ, թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս։ Այս խօսքերով` մենք կը յիշենք թէ Աստուած մեզ ստեղծեց գետնէն հող առնելով եւ մեր մարմինը շինելով։ Մեր վերջը մահն ու փճացումն է. սակայն մենք պիտի ապրինք անկէ ետք ալ. Այո, այս աշխարհի բոլոր բարիքներն ու վայելքները պարապ են, որովհետեւ մեր մարմինը պիտի փճանայ. Սակայն մեր մէջ կայ արժէք մը որ չի մեռնիր, եւ չի կրնար փճանալ. Ան Աստուծոյ շունչն է որ մեր վրայ եկած է. Աստուած մեզի տուած է բաժին մը իր Հոգիէն եւ Հոգին անմահ է ։

Սիրելի հաւատացեալ, եթէ 7 շաբթուայ համար զրկես քու մարմինդ կարգ մը բարիքներէ, եթէ քու ախորժակդ չափաւորես ու անոր փոխարէն` քիչ մը աւելի ժամանակ տաս աղօթքի, լաւագոյն կերպով անցուցած կ՛ըլլաս քառասնորդաց շրջանը. Իսկ եթէ այս շրջանին զօրացնես սէրդ ընկերոջդ հանդէպ եւ պատրաստ ըլլաս անոր ամէն ծառայութիւն մատուցանելու, յառաջացած կ՛ըլլաս առաքինութեան մէջ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.