2009-02-20 13:52:52

Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւն Հռոմի մէջ


Երէկ Հինգշաբթի 19 Փետրուար 2009 Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ մեծ թիւով հայերու եւ իտալացի բարեկամներու ներկայութեամբ նշուեցաւ Վարդանանց Զօրավարաց տօնը ։

Ժամը 18.00-ին սկիզբ առաւ ժամերգութիւնը Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու երգչախումբի կողմէ յորում ՝ լսելի եղաւ Շնորհալիի Նորահրաշը յատուկ՝ Վարդանանց նահատակներուն (փառատօնը կազմակերպուած էր Հռոմի Հայ Գաղութի Տիկնանց յանձնախումբի կողմէ):

Ժամը 18.30-ին ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Հ Հ քայլերգը զոր դաշնամուրի վրայ նուագեց Կիսասարկաւագ Եղիշէ Ճանաչեան. որմէ ետք բացման խօսքեր արտասանեցին հռոմահայ գաղութէն Տիկին Սիլվի Իփլիքճեան Ատամօ (հայերէն) եւ Տիկին Նուարդ Գրիգորեան Մէրքատանթի (Իտալերէն)։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ գեր. Հ.Թովմաս վրդ. Կարապետեան, տեսուչը՝ Լեւոնեան հայ դպրեվանքին, որ նախ հայերէն եւ ապա իտալերէնով՝ խօսեցաւ Սրբոց Վարդանանց նահատակութեան ու խորհուրդին մասին ՜՜ Աւարայրի ճակատամարտի պատմական իրադարձութեան եւ անկէ բխած պատմական դասերուն։ ՜՜ինչպէս 451-ին, նոյնպէս ալ այսօր օրինակ պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, այսինքն պարտինք ՜՜Ազգն հայոց ու հաւատքը Քրիստոսի՝՝ արեան գնով պաշտպանել միշտ։

Գեղարուեստական յայտագիրը հարուստ էր եւ ճոխ։

Լսելի եղաւ հայ մեծ արուեստագէտներու երկու գործեր. Հռոմահայ գաղութէն տաղանդաւոր նուագողներ՝ Տիանա Գաբրիէլեան դաշնամուրի վրայ, եւ Արգինէ Ստեփանեան Ջութակի վրայ ներկաներուն հրամցուցին Կոմիտասի ՜՜Կռունկ՝՝ը եւ Ե.Պաղտասարեանի ՝՝Նօքթիւրն՝՝ը , իսկ երրորդը ՜՜Քիրիէլէյսըն՝՝ նուագեցին Տիանա Կարապետեան (միշտ դաշնամուրի վրայ) եւ Վերոնիքա Քիսանիշվիլի սրինգով ։

Օր.Լիլիթ Սարատեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի ՜՜Քիչ ենք բայց հայ ենք՝՝ բանաստեղծութիւնը խլելով ներկաներու ծափահարութիւնը։

Վարդանանց հերոսներու յատուկ երգերը Լռեց Ամպերը եկան , Պլպուլն Աւարայրի, Ազնիւ ընկեր ու Բամբ Որոտանը երգեցին Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի եւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միացեալ երգչախումբը։

Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց խորհուրդը երէկ եւ այսօր ներկայացուցին (հայերէն եւ իտալերէն) Տիկ. Կարինէ Մկրտչեան եւ Տիկ. Րիթա Իպրահիմի Թալլարինի. ՜՜Տիկնայք փափկասուն Հայոց Աշխարհի՝՝ ասմունքեցին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութենէն քոյր Թէրէզա Սարգիսեան, Քրիսթին Իսաաք եւ Թէրմինէ Յարութիւնեան։

Հանդիսութեան աւարտին ՜՜Հուսկ Բանքը՝՝ արտասանեց գերյ. Հ.Յովսէփ Ծ.Վրդ. Քելեկեան։

Որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ կից Լեւոնեան հայ դպրեվանքի դահլիճը ուր պատրաստուած էր (միշտ Տիկնանց յանձնախումբի կողմէ) ճոխ հիւրասիրութիւն մը ՜՜հայկական զանազան համադամներով՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.