2009-02-20 13:43:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 20 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

-Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին,

-Գիւղատնտեսական զարգացման միջազգային ֆոնտի 31-րդ նիստին մասնակցողները, թիւով 400 հոգի,

Եւ Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբի լիանիստ ժողովին մասնակցողները` թիւով 40 հոգի,

Իսկ յետ միջօրէին, Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի աւագ դպրեվանք, ՜՜Վստահութեան Տիրամօր՝՝ տօնին առթիւ։ Սրբազան Հայրը ժառանգաւորներու հետ միասին կ՛աղօթէ երեկոյեան ժամերգութիւնը ։



Անգլիոյ վարչապետի այցելութիւնը Վատիկան։

Անգլիոյ վարչապետը Կորտոն Պրաուն Վատիկան այցելութեան առթիւ Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցաւ հանդիպում մը որուն ընթացքին խօսեցաւ Միջին Արեւելքի ընդհարումի, թերաճ երկիրներու օգնութեան հասնելու միջոցառումներու մասին , յաչս համաշխարհային տնտեսական տագնապին, (ըստ Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տեղեկագրին)։

Անգլիոյ վարչապետը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՜՜պաշտօնական հրաւէր՝՝ կատարեց Սրբազան Հօր Անգլիա այցելելու, կարտինալ Ճոն Հենրի Նիւմանի երանացման առթիւ։ Սրբազան Պապին հլտ կէս ժամ տեւող խօսակցութենէն ետք Անգլիոյ վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար՝ կարտ. Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.