2009-02-20 13:29:23

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի կառավարութիւնը իր երէկուան հերթական նիստի ընթացքին որդեգրած է շարք մը որոշումներ՝ դիմագրաւելու համար տնտեսական ճգնաժամը եւ ըստ հնարաւորին, կասեցնելու համար գործազրկութեան աճը։ Այս գծով, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստը երէկ որոշեց տասը միլիոն տոլարի վարկ տրամադրել Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանին եւ չորս հարիւր հազար տոլարի յատկացում մը կատարել տեղեկատուական ոլորտի մէջ աշխատող ՝՝Ֆորսիօ՝՝ ընկերութեան։ Ըստ վարչապետին Զանգեզուրի գործարանին ընձեռուած այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ, որպէսզի յառաջիկայ երեք տարիներուն ձեռնարկը աշխատի իր ամբողջ հզօրութեամբ։ Աջակցութեան իբրեւ արդիւնք, եւս 50 արբանեակային ձեռնարկութիւններ իրենց 2000 աշխատողներով երաշխաւորուած պիտի ըլլան, եւ պիտի կարենան պահել իրենց աշխատատեղիները։ Գործարանի արտադրողականութիւնը պիտի աւելնայ առնուազն 30 տոկոսով, որովհետեւ այդ օժանդակութեան ծիրէն ներս կը նախատեսուի ներմուծել նոր սարքաւորումներ, որոնք կը բարելաւեն նաեւ արտադրական որակը։ Միւս կողմէ Տաթեւի շրջանին մէջ նախատեսուած է կառուցել նաեւ ճոպանուղի, որ, վարչապետին խօսքով, ասիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի ամենաերկար ճոպանուղին։ Կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին 330,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է իր պահուստային հիմնադրամէն, Սփիւռքի ճանապարհներով գիտական-պատմական նշանակութիւն ունեցող շուրջերկրեայ նաւարկութիւն մը ապահովելու նպատակով։ Յատկացուած գումարը պիտի տրամադրուի ՝՝Հայերը եւ ծովը՝՝ հասարակական կազմակերպութեան,հիմնուելով նուիրատուութեան պայմանագիրին վրայ։



ԱԽԱԼՑԽԱ- Հակառակ այն իրողութեան, որ Վրաստանի վերջին՝ 2002ի, մարդահամարի տուեալներով, Սամցխէ-Ջաւախքի ազգաբնակչութեան ընդհանուր թուակազմի (207,598 հոգի) շուրջ 55 տոկոսը (113,347) հայեր են, այնուամենայնիւ Սամցխէ-Ջաւախքի նահանգապետարանին մէջ (Ախալցխա) մինչեւ մէկ շաբաթ առաջ կար ընդամէնը մէկ հայ պաշտօնեայ՝ փոխնահանգապետ եւ գործարար Սամուէլ Օվէեան։Ըստ տեղեկութեանց, վերջերս Օվէեան հրաժարական ներկայացուցած է իր պաշտօնէն։ Ախալցխայի տարբեր շրջանակներ Օվէեանի հրաժարականը կը կապեն Ախալցխայի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն՝ Յունուար 22ին տեղի ունեցած Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Գրիգոր Մինասեանի ու Ախալցխայի ՝՝Շարլ Ազնաւուր՝՝ հասարակական-բարեգործական կազմակերպութեան ղեկավար Սերգէյ Յակոբջանեանի ձերբակալութեանց հետ։



19 Փետրուարին, Համպուրկի իր բնակարանին մէջ, իր մահկանացուն կնքեց յայտնի հայ ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեանը։ Ան վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Հախնազարեան անդամ է Հայաստանի, Կովկասի եւ տարածաշրջանի հայկական ճարտարապետական պատմարժէք նմոյշներու հետազօտութեամբ զբաղող Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող կազմակերպութեան, որուն հիմնադիրներէն էր նաեւ։ Ան Յունուար 29ին պարգեւատրուած էր Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին կողմէ ՝՝Յակոբ Մեղապարտ՝՝ շքանշանով։



Փետրուար 18ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Թուրքիա-Կովկաս խմբակի համանախագահ Ռապըրթ Ուէքսլըր, Անգարայի մէջ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ու վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։ Վարչապետ Էրտողանի հետ մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեսակցելէ ետք, ան լրագրողներուն յայտնեց, թէ օրակարգի բերած էին Իրաքի, Աֆղանիստանի, Կովկասի, ուժանիւթի ու Միջին Արեւելքի հետ կապուած հարցեր։ Ան դիտել տուաւ, որ Ուաշինկթըն ու Անգարա կը շարունակեն համագործակցիլ բազմաթիւ մարզերու մէջ եւ վստահեցուց, որ այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահութեան շրջանին եւս։

Լրագրողները բնականաբար յիշեցուցին, որ Քոնկրէսին դարձեալ յղուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւ մը, որուն մասին Ուէքսլըր պատասխանեց, որ աշխատանք կը տարուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար եւ ողջունեց Կիւլի ու Էրտողանի կիրարկած ՝՝քաջ քաղաքականութիւնը՝՝։



Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշին վրայ իր կօշիկները նետելով հերոսացած իրաքցի լրագրող Մունթատար Զէյտի Հինշաբթի, Փետրուար 19ին առաջին անգամ ըլլալով դատարան ներկայացաւ եւ յայտարարեց, թէ ՝՝այդ արարքին դիմած էր Իրաքի պատիւը պաշտպանելու համար՝՝։ Ան աւելցուց, թէ նպատակ չունէր ֆիզիքական վնաս հասցնելու նախագահ Պուշին կամ վարկաբեկելու Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքին, եւ աւելցուց, թէ բանտին մէջ ան ՝՝խոշտանգուած է՝՝։

30ամեայ լրագրողը ծափողջիւններով դիմաւորուեցաւ դատարան։ Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Մարտ 12ին։



ՊՈԼԻՍ- Թրքական ՏէՍէՓէ կուսակցութեան կողմէ Պոլսոյ Կղզիներու քաղաքապետութեան թեկնածու յայտարարուած է հայազգի տոքթ. Կարապետ Եայլա , որ իր քաղաքական գործունէութեան սկսած է թրքական ՃէՀէՓէ կուսակցութեան շարքերէն ներս՝ հանդիսանալով կուսակցութեան Պոլսոյ Էմինէօնիւ(թաղի ) մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, նաեւ պաշտօնավարած իբրեւ գաւառակի վարչային խորհուրդի անդամ եւ նախագահի օնական։ Աւելի ուշ, երեք տարի շարունակ եղած է Էմինէօնիւ թաղի քաղաքապետի խորհրդական, ապա Պոլսոյ Շիշլի հայաբնակ քաղաքապետի խորհրդական։Կարապետ Եայլա ծնունդով Մալաթիացի է։ Ան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ ՝Ճէրրահփաշա՝՝ համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ։ Այնուհետեւ մասնագիտացած է ներքին հիւանդութեանց շտապօգնութեան մարզէն ներս եւ պաշտօնավարած է զանազան հաստատութիւններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.