2009-02-19 12:37:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի փետրուար ամսուայ միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է Ափրիկէի։


Փետրուար ամսուան համար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթելու՝ որպէսզի Ափրիկէի Եկեղեցին կարողանայ պատշաճ միջոցները գործածել ազդու կերպով հաստատելու ՜՜հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝՝ հետեւելով Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսի ցուցմունքներուն։ Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը մարտ 17-23 առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Գամերուն եւ Անկոլա։ Գերապայծառ Փօլ Վերծեկով խօսելով Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութեան մասին ըսաւ. Ափրիկէն մտատանջութեամբ կը սպասէ Հռոմի Պապի այցելութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա։ Քահանայապետին այցելութիւնը եւ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու սիւնոդոսը շատ պտուղներ պիտի տայ Ափրիկէի եւ մասնաւորապէս պիտի սատարէ քրիստոնէական արժէքներու տարածումը ընկերութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.