2009-02-19 12:41:27

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայազգի հռչակաւոր տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի արձանը՝ Երեւանի Մէջ


 Երեւանի քաղաքապետին որոշումով, աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի արձանը պիտի տեղադրուի մայրաքաղաք Երեւանի Խաչատուր Աբովեան փողոցին վրայ։ Այս առթիւ քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանը շուտով պիտի յայտարարէ մրցոյթ մը, որուն արդիւնքները ամփոփելէ ետք պիտի ընտրուի արձանի ճարտարապետական նախագիծի լաւագոյն տարբերակը։



Երիտասարդ մուսալեռցիներու միութիւնը

Նախաձեռնութեամբ հայաստանաբնակ մուսալեռցիներ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ Սոնիա Թաշճեանի, կեանքի կոչուեցաւ Երիտասարդ մուսալեռցիներու միութիւնը, որ 7 փետրուարին, Սուրբ Սարգիսի օրուան առիթով գումարեց իր առաջին նիստը՝ Երեւանի Նարեկացի արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ։ Հաւաքը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին մուսալեռցի հայր սուրբեր՝ Թորգոմ Տօնիկեան եւ Յովակիմ Մանուկեան, որոնք մտայղացման քաջալերողներն էին նոյնպէս։Երիտասարդական նորաստեղծ միութեան իրենց խրախուսական խօսքը փոխանցեց նաեւ Հայաստանի Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան վարչութիւնը։

Մօտ երեք ժամ տեւած հաւաքի ընթացքին ներկաները ծանօթացան միութեան ստեղծման նպատակին, որ Հայաստանի երիտասարդ մուսալեռցիներու միջոցով աւանդութիւններու պահպանումն է։ 65 հոգի կազմող Երիտասարդ մուսալեռցիներու միութիւնը ունեցաւ իր կամաւոր վարչութիւնը (7 հոգի), որոնք ամսական դրութեամբ պիտի գումարեն իրենց ժողովները ու պիտի փորձեն ընդհանուր հաւաքներ կազմակերպել աւանդական իւրաքանչիւր օրուան համար։

Այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական բաժինը, որմէ յետոյ երիտասարդները ճաշակեցին հայր սուրբերու օրհնած Մուսա Լերան աւանդական պանիր հացը, կաթի քաղքէն եւ անշուշտ Ս. Սարգիսի օրուան յատուկ գումպան։ Երեկոն աւարտեցաւ Մուսա Լերան շուրջպարով։Նշենք թէ ՜՜Երիտասարդ մուսալեռցիներու միութիւնը՝՝ ունեցաւ իր նշանաբանը, այն է՝ է ՜՜Յաջորդ հանդիպումը Մուսա Լեռի մէջ՝՝։



Պահպանուող յուշարձաններու ցանկին վրայ կ՝աւելնայ հայկական 24.200 կոթող։

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան գործակալութեան պետ Արտեմ Գրիգորեան հաղորդած է, թէ յուշարձաններու պահպանութեան պետական նորագոյն ցանկին մէջ ընդգրկուած է 24,200 յուշարձան։ Անոնց թիւը տարուէ տարի կ՝աճի հնագիտական նոր յուշարձաններու յայտնաբերումով։ Յուշարձաններու եւ մշակութային արժէքներու պահպանման համար 2009-ի պետական ամավարկէն յատկացուած է 602,5 միլիոն դրամ, որուն 522 միլիոնը պիտի տրամադրուի 25 յուշարձաններու վերանորոգման։

Ա Գրիգորեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ աշխատանքներ սկսած են վերանորոգելու համար Կուրթան գիւղի Նորավանք եւ Քոբայրավանք համալիրները, Ոսկեվազի Ս Յովհաննէս եկեղեցին, Հալիձորի բերդը, Բջնիի վանքը եւ Իրինդի Ս Աստուածածին եկեղեցին։ Անդրադառնալով Վրաստանի տարածքին գտնուող հայկական յուշարձաններու հարցին եւ Հայաստանի մէջ կարգ մը եկեղեցիներու հանդէպ Վրաստանի ցուցաբերած նկրտումներուն՝ Գրիգորեան հաստատած է որ յուշարձանին սեփականութիւնը կը պատկանի այն երկրին, որուն տարածքին կը գտնուի յուշարձանը, բայց տարբեր հարց է, թէ ո՛վ կառուցած է զայն, կամ ո՛ր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնն է անիկա։

Գալով Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուած հայկական յուշարձաններու պահպանութեան շուրջ Հայաստան-Թուրքիա պետական համագործակցութեան մասին ըստ Գրիգորեանի՝ այդպիսի համագործակցութիւն չկայ։ Այդ հարցով երկու երկիրները իրարու կառնչուին միայն միջազգային կառոյցներու միջոցով Իքոմոս-Հայաստանը եւ Իքոմոս -Թուրքիան միջազգային Իքոմոս հասարակական կազմակերպութեան մաս կը կազմեն։ Գրիգորեանի համաձայն Թուրքիոյ տարածքին կան հայկական յուշարձաններ, որոնց պահպանութիւնը պէտք է իրականացուի պատշաճ մակարդակով, վերանորոգման ծրագիրներուն մէջ պէտք է ընդգրկուին նաեւ հայ մասնագէտներ։ Ան յիշեցուցած է նաեւ, թէ արշաւախումբերու մէջ երբեմն կընդգրկուին ծագումով հայ, սակայն այլ երկիրներ բնակող մասնագէտներ, ինչպէս Անիի պեղումներու աշխատանքներուն մասնակցած է պոլսահայ-ֆրանսահայ հնագէտ Անի Թոթոյեան








All the contents on this site are copyrighted ©.