2009-02-18 12:47:06

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը



Չորեքշաբթի 18 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 15 հազար ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։ Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին։ Այսօր ներկայացուց Պատուական կոչուած Պետ կրօնաւորը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պատուական Պետ կրօնաւորը ծնած էր Անգլիոյ հիւիս արեւելքը, Է. դարուն։

Եօթը Տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկած էին Պենետիկտեան վանքը պատշաճ դաստարակութիւն ստանալու համար։ Ան մնաց մինչեւ իր մահը, երջանիկ` խորազննելու Ս. Գիրքը եւ մեղեդիներով Աստուած գովաբանելու։ Ան դարձաւ Ս. Գիրքի մեծ հմուտ եւ որուն գրութիւնները տարածուեցան բոլոր Եւրոպայի մէջ։ Ան ազդու կերպով նպաստեց կերտելու քրիստոնեայ Եւրոպան։ Ս. Գիրքը եղաւ մշտատեւ աղբիւրը աստուածաբանական իր մտածողութեան։ Ս. Գիրքը մեկնաբանելով Պատուական Պետը իր խորհրդածութիւնը միշտ կ՛ընծայէր Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։ Իր նախասիրած այլ նիւթն էր` Եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը գրելով Պատուական Պետը յատկապէս հետեւեալ նիւթերը ի յայտ դրած է. ՜՜Եկեղեցւոյ կաթողիկէութիւնը, առաքելականութիւնը եւ հռոմէականութիւնը՝՝։ Պատուական Պետ կրօնաւորը, նաեւ՝ եղած է ծիսական աստուածաբանութեան մեծ վարպետ մը ։ Իր քարոզներուն մէջ ան կը խրախուսէր հաւատացեալները որ ուրախութեամբ կատարեն Տիրոջ խորհուրդները ու զանոնք ապրին։ Անոր ուսուցումը, (ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով), արդիական է։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, հետեւելով իր կոչումին, կանչուած է որ անխոնջ աշխատի եկեղեցւոյ դաշտին մէջ եւ հրաւիրէ բարի կամք ունեցող մարդիկը բացուելու Աստուծոյ խօսքին։ Պատուական Պետ կը հրաւիրէ մեզ մշտատեւ անսալու Աստուծոյ խօսքին եւ միշտ աղօթելու։



Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները ըսելով Պատուական Պետին օրինակին հետեւելով, ժամանակ ունեցէք խորազննելու Աստուծոյ խօսքին սքանչելիքները ։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն անոնցմէ խնդրելով որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, որպէսզի իրմէ ստանաք լոյս եւ քաջութիւն։

Ունկնդրութեան աւրտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.