2009-02-17 13:30:30

Քրիստոնէականի ուսուցում' Ծիսակատարումը Եկեղեցւոյ մէջ, Ծիսական զանազան աւանդութիւնները


Քրիստոնէականի ուսուցում' Ծիսակատարումը Եկեղեցւոյ մէջ, Ծիսական զանազան աւանդութիւնները



250-Ս Խորհուրդները իրարմէ ի՞նչ բանով կը զանազանուին։

Քրիստոնեայ նախապատրաստումի սուրբ Խորհուրդները կան. Մկրտութիւն, Դրոշմ եւ Սուրբ Հաղորդութիւն, կան նաեւ բժշկութեան սուրբ Խորհուրդները. Ապաշխարանք եւ Հիւանդաց Օծում, ապա կան հաղորդակցութեան եւ առաքելութեան սպասարկող սուրբ Խորհուրդները. Կարգ Քահանայութեան եւ Ամուսնութիւն։ Բոլորն ալ քրիստոնեայ կեանքին կարեւոր հանգրուաններուն կը վերաբերին։ Բոլորը կարգաւորուած են ի սպաս սուրբ Հաղորդութեան որպէս իրենց տեսակարար վախճանին։



ԳԼՈՒԽ Ա. - ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՄԻ ՍՈՒՐԲ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

251-Ինչպէ՞ս կը կատարուի քրիստոնեայ նախապատրաստումը։

Ան կ՛իրագործուի սուրբ Խորհուրդներով, որոնք քրիստոնեայ կեանքին հիմերը կը դնեն։ Մկրտութեամբ վերածնած քրիստոնեաները կը զօրանան Դրոշմով եւ կը սնանին Սուրբ Հաղորդութեամբ։



ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

252-Նախապատրաստումի առաջին սուրբ Խորհուրդը ի՞նչ անուններ կը կրէ։

Ան նախ Մկրտութիւն կը կոչուի, սոյն հանդիսակատարումը գոյացնող գլխաւոր ծիսարարքին պատճառով. արդարեւ մկրտել կը նշանակէ ջուրին մէջ թաթախել։ Մկրտուողը Քրիստոսի մահով կը թաթախուի եւ անոր հետ յարութիւն կ՛առնէ իբր նոր արարած (2 Կոր 5, 17)։ Ան կը կոչուի նաեւ վերածնունդի աւազան եւ նորոգութիւն Սուրբ Հոգիին (Տիտ 3, 5), ինչպէս նաեւ լուսաւորում, որովհետեւ մկրտեալը լոյսի որդի կը դառնայ (Եփ 5, 8)։



253-Մկրտութիւնը Հին Կտակարանին մէջ ի՞նչ ձեւով նախապատկերացուած է։

Հին Կտակարանին մէջ Մկրտութիւնը զանազան նախապատկերացումներ ունի։ Նախ ջու՛րն է՝ աղբիւր կեանքի եւ մահուան, ապա Նոյի տապա՛նն է, որ կը փրկէ ջուրով, Կարմիր Ծովին ա՛նցքն է, որ Իսրայէլը ազատեց Եիպտոսի գերութենէն, Յորդանան գետէն ա՛նցքն է, որ Իսրայէլը մտցուց Խոստացեալ Երկիրը՝ պատկեր յաւիտենական կեանքին։



254-Այս նախապատկերացումներուն իրագործումը ո՞վ կը կատարէ։

Յիսուս Քրիստո՛ս, երբ Իր հրապարակային կեանքին սկիզբը Յովհաննէս Մկրտիչէն կը մկրտուի Յորդանանին մէջ, երբ խաչին վրայ Իր խոցուած կողէն կը ժայթքին արիւնն եւ ջուրը՝ նշան Մկրտութեան եւ Ս. Հաղորդութեան։ Քրիստոս Իր Յարութենէն ետք՝ Իր Առաքեալներուն հետեւեալ առաքելութիւնը յանձնեց ըսելով Գացէ՛ք աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հուոյն Սրբոյ (Մատթ 28, 19)։








All the contents on this site are copyrighted ©.