2009-02-17 13:32:27

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

- Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետըի ցաւակցական հեռագիրը ի լուր կարտինալ Քիմի մահուան

Սէուլ Թեմի վաստակաւոր առաջնորդը կարտինալ Քիմ ոչ եւս է ան 87 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց։

կարտինալ Քիմ կը նկատուի Ասիայի Եկեղեցւոյ մեծագոյն անձնաւորութիւններէն մէկը։ Ան 46 տարեկանին եղաւ Քուրիայի առաջին կարտինալը, նշանակուած Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ։ Ան Եղաւ ճշմարիտ հովիւ մը ի սպաս աղքատներու։ Քուրիացիներէն ճանչցուած է որպէս պահակը մարդու իրաւունքներու եւ հանրավարութեան։ Միջազգային գետնի վրայ ան մեծապէս սատարեց Ասիայի եպիսկոպոսական խորհուրդի ստեղծումին։ Իր յառաջացած տարիքին բերումով 1998ին իր հրաժարականը ներկայացուցած է թողելով եկեղեցի մը որ կը ներկայացնէ երկրին բնակչութեան 9 տոկոսը։

Կարինալ Քիմ հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր, ի շարս Ընկերային Արդարութիւնը, Խաղաղութեան համար աղօթք, Աստուած Սէր է, Խաղաղութիւն այս հողին համար, Ապրիլ որպէս մարդկային էակ եւ իր Յիշատակները` իրարզիրար սիրենք վերնագրով։

Ի լուր անոր մահուան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Քուրիայի Եկեղեցւոյ եւ իր աղօթքը բարձրացուց որպէսզի Տէրը իր Արքայութեան մէջ ընդունի Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան։



- Յառաջիկայ փետրուար 21ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի հռչակէ 10 նոր սուրբեր։

Փետրուար 21ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ կարտինալական ժողովը եւ որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ 10 երանելիներու սրբադասումը։ Նոր սուրբերու շարքին կայ 4 իտալացիներ, 2 սպանացիներ, 2 լեհեր, մէկ ֆրանսացի եւ մէկ պելկիացի։

Իր քահայանապետութենէն ի վեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հռչակած է 18 սուրբեր։ Սրբադասումի բոլոր պատարագները սնձսմբ կատարեց ս. Պետրոս հրապարակը, բացի մէկ սուրբ` եղբայր Անթոնիօ տէ Սանդ՛Ան, որ սրբադասեց մայիս 2007ին Պրազիլի Սան Բաուլօ քաղաքը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը բնաւ չէ կատարած երանացման պատարագները եւ յաճախ այդ երանացման արարողութիւնները կատարուած են նոր երանելիներու երկիրներու մէջ։

- Փետրուար 18ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի ընդունի ԱՄՆի ազգային ժողովի նախագահը տիկին Նանսի Բելոզին եւ անոր ընկլերացող 7 հոգինոց շքախումբը։

իսկ Փետրուար 19ին Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Անգլիոյ նախարարապետ Կորտոն Պրաուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.