2009-02-17 12:47:36

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Լեռնային Ղարաբաղ-Զինադադարի Խախտման Տասնեակ Մը Դէպքեր։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 14 - 15 փետրուարին եւ երէկ(16 փետրուար) զինադադարի խախտման տասնեակ մը դէպքեր արձանագրուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գօտիի շարք մը հատուածներուն մէջ։



Իսրայէլեան ՝՝Հաարեց՝՝ օրաթերթը իր երէկուան թիւով լոյս տեսած խմբարականով մը կ՝անդրադառնայ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին։

՝՝Բարոյականութեան շնական օգտագործում՝՝ խորագիրով խմբագրականը, անդրադառնալով Իսրայէլի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր Աւի Միզրահիի յայտարարութեան եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու սպառնալիքին, կը յայտնէ, որ այդ զարգացումները վատթարացուցած են արդէն իսկ լարուած Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները։ Խմբարականը կը գրէ, որ ՝՝դժուար է հաւատալ, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (Իսրայէլի ) յանկարծ հայերուն վերաբերեալ բարոյականութեամբ համակուեցաւ՝՝։ Տարիներէ ի վեր նախարարութիւնը խուսափած է՝ հայերու ջարդին առնչութեամբ ՝՝ողջակիզում՝՝ կամ ՝՝ցեղասպանութիւն՝՝ բառը օգտագործելէ, ոչ միայն որովհետեւ Իսրայէլ կը ջանայ ողջակիզում բառին իր մենաշնորհը պահել, անիկա գլխաւորաբար գիտէ, թէ հայերու պարագային Ցեղասպանութիւն բառը որդեգրելը համազօր է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական ճակատումի մը, որ մեծ հաւանականութեամբ կաւարտի յարաբերութեանց խզումով։ Բանավէճը հայերու սպանութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն կամ ողջակիզում սահմանելուն վերաբերեալ չէ(կը գրէ տսակաւին թերթը) ասիկա բարոյական հարց մըն է, որ կը ստիպէ մեզ վերաքննել պատմութիւնը եւ արժէքի վրայ հիմնուած գնահատում մը տալ։ Միւս կողմէ Իսրայէլեան ՝՝Ճերուսալէմ Փոսթ՝՝ թերթը, իր անցեալ Ուրբաթ օրուան թիւով անդրադարձած էր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին՝ ներկայացնելով թրքական կառավարութեան մօտեցումը այդ խնդիրին վերաբերեալ։ Անգարան կը ժխտէ մեկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը, իսկ որոշ թուրք պատմաբաններ կը գրեն այն մասին, թէ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն սպաննուած են 600,000 հոգի (նշուած է Ճերուսալէմ Փոսթի լրագրող Սին Կեննոնի յօդուածին մէջ)։ Յայտնի իրաւաբան Ռաֆայէլ Լէմքին, որ 1944ին շրջանառութեան մէջ դրաւ ՝՝ցեղասպանութիւն եզրը՝՝, որպէս օրինակ օգտագործած էր ՝՝հայերու ջարդը՝՝։ 21 երկիրներ, որոնց շարքին Ռուսիա, Քանատա եւ Ֆրանսա, ինչպես նաեւ Եւրոպական խորհրդարանը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրման Գիտնականներու միջազգային ընկերակցութիւնը, ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը,( գրած է իսրայէլացի յօդուածագիրը՝Կեննոնի)։



Փետրուար 16ին Թիֆլիս կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Դաւիթ Ճալականիա յայտարարած է, թէ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ Փետրուար 20ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Հայաստան, ուր պիտի հանդիպի Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ, քննարկելու համար երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։

ԵՐԵՒԱՆ- ՝՝Եւրոտեսիլ-2009ի՝՝ մրցոյթին(Eurovisione) Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Ինգա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերը՝ իրենց Նոր Պար երգով։ Շաբաթ երեկոյեան, Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Եւրոտեսիլի երգիչ-երգչուհիներու ընտրական փուլը, որուն մասնակցած են 21 երգիչ-երգչուհիներ, որոնց ձայն տալու հնարաւորութիւնը ունէին հայաստանցիները՝ SMS(գրաւոր կարճ պատգամ) քուէարկութեան միջոցով։ Յիշեցնենք, որ ՝՝Եւրոտեսիլ-2009՝՝ երգի միջազգային մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, Մայիս 12-16ի միջեւ։Նշենք նաեւ որ վիճակահանութեամբ պարզուած է, թէ Հայաստանը հանդէս պիտի գայ առաջին՝ Մայիսի 12ին տեղի ունենալիք կիսաեզրափակիչին։



ՓԱՍԱՏԻՆԱ- Ուրբաթ, Մարտ 27ին, Փասատինայի պատմական Պլին հաուսի մէջ տեղի ունենալիք Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան ճաշկերոյթին ընթացքին, միջազգային մրցանակներու արժանացած ճարտարագէտ Ռանըլտ Ալթուն պիտի ներակայացնէ իր շինարարական նորագոյն ծրագիրը, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին Փարամազ Աւետիսեանի անուան շէնքն է։Ան ներկայացման ընթացքին պիտի ցուցադրէ վերջերս ամբողջացած շինարարական ծրագիրին առնչուող լուսանկարներ եւ սահիկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.