2009-02-16 13:09:12

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Այսօր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հրաւէրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Վարշաւայ մեկնած։ Նալբանդեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքիի, խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։17 փետրուարին Նալբանդեան պիտի մեկնի Չեխ Հանրապետութիւն։

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքական լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Իսրայէլի ցամաքային ուժերու հրամանատար Աւի Միզրահի, անդրադառնալով Տաւոսի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Իսրայէլի նախագահին ուղղուած ՝՝դուք սպաննելը լաւ գիտէք՝՝ արտայայտութեան, ՝՝Զինուորական Հոգեբանութիւն՝՝ նիւթով միջազգային համագումարի ընթացքին յայտնած , որ ՝՝ան (այսինքն Էրտողան)ամէնէն առաջ հայելիին թող նայի՝՝։ Զօրավար Միզրահի դիտել տուած, որ ՝՝Թուրքիա տարիներ առաջ հայերուն դէմ պատմութեան մեծագոյն սպանդներէն մէկը գործադրած է եւ հիմա ալ մեծ սպանդ մը կը գործադրէ երկրի քիւրտերուն դէմ՝՝։Ակնարկելով Իսրայէլը ՄԱԿ-էն հեռացնելու կոչին՝ իսրայէլացի զօրավարը ըսած, թէ ՝՝այդ պարաային Իսրայէլի հետ Թուրքիա եւս ՄԱԿ-էն պէտք է հեռացուի՝՝։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին շաբաթ օր բողոքագիր մը յղած է Իսրայէլի , ապա յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած , որ ՝՝Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւի այդ հարցով նախարարութիւն կանչուած է՝՝։

Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ անցեալ հինշաբթի օր Ռուսիա գնաց՝ ռուս պաշտօնատարներու հետ քառօրեայ հանդիպումներու համար, մինչ Անգարա աշխատանք կը տանի Մոսկուայի հետ աւելի մտերիմ կապեր հաստատելու, եւ իր հիւսիսարեւելեան շրջապատին մէջ դիւանագիտական աւելի մեծ դերակատարութիւն ստանձնելու համար։ Մոսկուա մեկնելէ առաջ Կիւլ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռուսիոյ մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկու երկիրներու քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի եւ զինուորական գործակցութեան հարցեր։ Ռուսիան՝ Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի ցանկին պարագլուխն է , Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը 2008-ին հասած է 38 միլիառ տոլարի , միւս կողմէ Ռուսիա՝ Անգարային կը մատակարարէ Թուրքիոյ սպառած կազին 63 առ հարիւրը եւ քարիւղին 29 առ հարիւրը։

ՆՈՐԹՐԻՃ- Լոս Անճելըսի Հայ Աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ Երիտասարդուհիներու միութիւնը իր տարեկան 24րդ ՝՝ճաշկերոյթ-հագուստներու ցուցադրութիւնը՝՝ պիտի իրականացնէ Շաբաթ՝ Փետրուար 21ին, Նորթրիճի մէջ գտնուող ՝՝Փորթըր վէլի քաունթրի՝՝ քլապին մէջ։ Այս տարուան ձեռնարկին թեման է ՝՝Գար նանային տօնակատարութիւն՝՝, ուր պիտի ցուցադրուին հարսանեկան հագուստներ։ Ճաշկերոյթի յանձնախումբին ատենապետուհի Ռիթա Պերեճիքլի կը յիշեցնէ, թէ ՝՝ձեռնարկը եկեղեցւոյ դրամահաւաքի կարեւոր ձեռնարկներէն մէկը կը հանդիսանայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.