2009-02-15 13:53:19

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Կիրակի, փետրուար 15, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Այս կիրակի Մարկոս աւետարաիչը մեր խորհրդածութեան կը հրաւիրէ բորտի բժշկութեան դէպքը։

Բորոտ մը Յիսուսի կը մօտենայ եւ կ՛ըսէ եթէ ուզես` կրնաս զիս մաքրել։ Յիսուս գթաց վրան, երկարեց ձեռքը, դպաւ անոր եւ ըսաւ. կ՛ուզեմ, մաքրուէ։ Բորոտութիւնը իսկոյն գնաց վրայէն։

Այս դէպքը, ըսաւ Սրբազան Քահայանապետը, մեզի ցոյց կու տայ թէ Յիսուս կը յուզուի ի տես մարդկային թշուառութեան, հիւանդութեան ու տառապանգին եւ օգնութեան կը հասնի սիրով ու գթութեամբ ։

Մենք եւս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, երբ հանդիպինք մարդկային թշուառութեան մը, Յիսուսի նմանինք, մեր դրական սատարը բերենք, քաջալերական կամ մխիթարական խօսքով մը կամ ժէսթով մը։ Թող Տէրը աճեցնէ բարին որ մէջ կը բնակի։

Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. Աստուծոյ խօսքը մեզ կը հրաւիրէ բարեփոխելու մեր նայուածքը ու տրամադիր ըլլալ Ս. Հոգւոյ ներշնչումին։ Յիսուս եկաւ մաքրելու մարդը ամէն տեսակ մեղքէ ու ստրկութենէ։ Քրիստոս մեր միակ տիպարն է։ Ան է մեր ճշմարիտ ազատարարը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, դիմենք Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, Ան որ անբիծ մնաց, թող օգնէ մեզի հեռու մնալու մեղքէն եւ յաճախ դիմենք խոստովանանքի խորհուրդին։

Հայրական խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը, իր առաքելական

օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.