2009-02-15 13:52:48

՝Սարը կէլին Հայկական Հարցի ներքին ծալքերը՝՝ շարժապատկերը


ՊՈԼԻՍ(կը տեղեկանանք Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթէն)։ Թրքական ՝՝Պիրկիւն՝՝ թերթի աշխատակից Էօզլէմ Զորճան անդրադարձած է Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան կից նախակրթութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ թրքական դպրոցներու ղրկուած այն շրջաբերականին, ուր կը պահանջուի բոլոր նախակրթարաններուն մէջ աշակերտութեան ցուցադրել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին համար երկրին սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ պատրաստուած ՝՝Սարը կէլին Հայկական Հարցի ներքին ծալքերը՝՝ շարժապատկերը։ Այս շրջաբերականը աղմուկ բարձրացուցած է որոշ շրջանակներէ ներս, որոնք շատ անտեղի կը գտնեն նման ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը աշակերտութեան։ Թրքական ՝՝Պիրկիւն՝՝ թերթը այս մասին հարցուցած է ՝՝Կիւնտէմ՝՝ անուան մանկավարժական միութեան խօսնակներէն Էսին Քոմանի կարծիքը։ Քոման շատ մտահոգիչ կը գտնէ յիշեալ շրջաբերականը, որովհետեւ եթէ քննուի այդ վաւերագրական ժապաւէնին նիւթն ու ներկայացման ձեւը, յայտնի կը դառնայ, որ երեխաները դէմ դիմաց պիտի գտնուին վայրագութիւն ու խտրականութիւն քարոզող պատկերներու հետ։ Կրթական նախարարութիւնը ինչպիսի՞ չափանիշներ կը փնտռէ, երբ մանուկներու տրամադրութեան տակ կը դնէ նման ժապաւէններ կամ գիրքեր։ Ամէն պարագայի պայման է, որ յարգուին մարդկային իրաւունքները, ուրեմն յարգուին նաեւ՝ մանուկներու իրաւունքները, (կը յայտնէ Քոման), որ նաեւ պահանջած է այս մասին հարցաքննութիւն մը կատարել։ Քոման ապա յիշեցուցած է որ Հրանդ Տինք, սպաննուեցաւ անչափահասի մը կողմէ(սպաննուել տրուեցաւ) ։ Կրթական նախարարութիւնը չէ՞ մտածած, որ երեխաներուն ցուցադրուելու կոչուած այդ ժապաւէնը կրնայ հրահրել նմանօրինակ ոճիրներ։ Նախարարութիւնը, որ կառավարութեան կազմին մէջ մանուկներու ամենամօտիկ նախարարութիւնն է(կրթական նախարարութիւնը), պէտք չէ՞ մանուկներուն մօտ ընկերային համերաշխութեան մշակոյթ մը զարգացնելու միտում ունենայ (հարց կու տայ Էսին Քոման)։



Հայկական Ցեղասպանութեան Ականատեսի Մը Հատորը՝ Անլգերէնով։ Knopf հրատարակչատունը յառաջիկայ Մարտ 31ին պիտի հրապարակէ Հայկական Ցեղասպանութեան ականատես Հայր Գրիգորիս Պալաքեանի վկայութեանց հատորը՝ ՝՝Հայկական Գողգոթան՝՝, որ անգլերէնի թարգմանուած է Փիթր Պալաքեանի ու Արիս Սեւակի կողմէ։ Հայր Գրիգորիս Պալաքեան 1915ի Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներէն մէկն էր, որ տեղահանութեան մասնակցելով՝ ականատես կըլլայ բարբարոսութեանց եւ հրաշքով փրկուելէ ետք, ան իր վկայութիւնները թուղթի կը յանձնէ։ Անոնց վրայ ան կաւեցնէ՝ հայ, օտար եւ նոյնիսկ թուրք այլ ականատեսներու վկայութիւնները եւ որպէս հատոր՝ զայն կը հրատարակէ 1922ին։ Վկայութեանց կողքին, Պալաքեան նաեւ կը վերլուծէ հայութիւնը բնաջնջելու թրքական ծրագրին ծալքերը։Բանաստեղծ ու արձակագիր Փիթր Պալաքեան այս հատորը բախտով գտած է 1991ին, եւ այդ մասին գրած է իր յուշերը ամփոփող ՝՝Պլէք տակ աֆ ֆէյթ՝՝ հատորին մէջ։ Հայր Գրիգորիս Պալքեանի հատորը կը բաղկանայ 560 էջերէ։










All the contents on this site are copyrighted ©.