2009-02-14 12:05:12

կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն Կիրակի 15 Փետրուար 2009

Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս յաւիտենական կեանք ունի իր մէջ


կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն Կիրակի 15 Փետրուար 2009

Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս յաւիտենական կեանք ունի իր մէջ

(Յովհաննէս Զ. 59-72)

Այսօր մենք կը հասկնանք Յիսուսի այս խօսքերը, որովհետեւ, մինչ այդ ան իր մահուան նախօրեակին` աշակերտներուն տուաւ բաղարջ հացը եւ գինին, ըսելով. Առէք կերէք, այս է իմ մարմինս եւ խմեցէք ասկէ, այս է իմ արիւնս։ Այդ ատեն միայն անոնք կրցան հասկնալ այն խորհրդաւոր խօսքերը զոր ըսած էր Յիսուս Կափառնաումի մէջ, հացերու հրաշքներուն յաջորդող օրը. Այսպէսով մենք գիտենք թէ օրհնուած հացը եւ գինին կը խորհրդանշեն Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, եւ անոնց ճաշակումով է որ մենք կը ժառանգենք յաւիտենական կեանքը։

Բայց այն ատեն երբ Յիսուս կը խօսէր իրենց եւ կ՛ըսէր թէ ով որ չուտէ իմ մարմինս եւ չխմէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք չունենար, ոչ իր շուրջը հաւաքուած Հրէաները եւ ոչ իսկ իր աշակերտները կը հասկնային իմաստը այս խօսքերուն. Արդեօ՞ք Յիսուս կ՛ուզէր դարձնել Հրէաները մարդկային զոհերու շրջանին, երբ յաղթութիւն մը տօնելու համար, կամ չար դէպքերէ ազատելու համար, սովորութիւն կար զոհել անձ մը եւ ապա ճաշակել անոր մարմինը։

Շատեր որոնք մինչեւ այդ հետեւած էին իրեն, անհանդուրժելի կը գտնեն իր այս խօսքերը եւ կը թողուն զինք ու կը հեռանան իրմէ։ Արդէն Քրիստոսի հետեւելու համար շատ մը զրկանքներու պէտք է ենթարկուիլ, թողուլ իր ընտանւքը եւ հարստութիւնը, հրաժարիլ ամէն բանէ, խաչը առնել եւ հետեւիլ իրեն։ Իսկ հիմա, պէտք է նաեւ ուտել իր մարմինը եւ խմել իր արիւնը. Ու՞ր լսուած է այսպիսի արտառոց բան. Իսկ առաքեալները անոնք որ ամէնէն մօտիկը եղած են Յիսուսի, որոնք հաւատացած են իր բոլոր ըսած խօսքերուն, անոնք ի՞նչ կը մտածեն այս վերջին խօսքին մասին։

Անշուշտ պահ մը անոնք եւս կը տարակուսին. Յիսուս անոնց աչքերուն մէջ կը կարդայ անստուգութիւնը եւ երկմտութիւնը։ Ամէն ինչ թողած են իրենք, հետեւելու համար իրենց վարդապետին. Եւ սակայն ահա կենսական երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուին. Հաւատա՞լ Քրիստոսի այս անհսկնալի խօսքերուն թէ, միւսներուն նման, լքել զինք ու հեռանալ։ Անմիջական որոշում հարկ է առնել։

Պետրոս, իրենց գլխաւորը, կը լուծէ հարցը եւ անմիջապէս առաջ կը նետուի ու բոլորին անունով` կը բացագանչէ. Տէր, մենք որու՞ն կրնանք երթալ, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը։ Ոչ ոք կրնայ ինքիրմէ այսպիսի խօսք մը հնարել, անպայման Սուրբ Հոգին է որ թելադրած է Պետրոսի այս գեղեցիկ սլացքն ու խօսքերը, ինչպէս երբ ըսաւ Յիսուսի թէ ինքն է Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ որդին։ Վստահաբար, Պետրոսի այս խօսքերէն ետք, միւս բոլոր առաքեալներուն ալ աչքերը լուսաւորուեցան եւ անոնք լեցուեցան խանդավառութեամբ. Գտած էին լուծումը եւ ազատած էին երկընտրանքի յառաջ բերած տարակոյսէն։

Ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուինք մենք այսօր Քրիստոսի այս խորհրդաւոր խօսքերուն դիմաց. Կը հաւատա՞նք իրեն անվերապահօրէն, թէ մեր սրտին մէջ կը շրջագային տակաւին մութ կէտեր եւ տարակոյսներ։ Հաւատքով կը ճաշակե՞նք ամէն կիրակի այն հացէն որ մեր հոգւոյ սնունդն է, եւ որ կ՛երաշխաւորէ մեր անձերուն յաւիտենական կեանքը։ Սիրելի հաւատացեալ, Յիսուսի խօսքերը ճշմարտութիւն են եւ կը պարունակեն յաւիտենականութիւն. Պետրոսի նման` առանց տարակուսելու, նետուինք դէպի մեր Տէրը եւ անվերապահօրէն վստահինք իրեն մեր անձերը. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.