2009-02-14 11:59:11

Լուրեր հայ աշխարհէն



Հայաստանի գրողներու միութեան մրցանակ՝ սփիւռքահայ հեղինակներուն։


Ամերիկահայ հեղինակ Անահիտ Երեմեան ՜՜Արթուն գիշերները՝՝ հատորին համար պարգեւատրուած է Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեան հիմնադրամի գրական ամէնամեայ մրցանակով զոր յատկացուցած է Հայաստանի գրողներու միութիւնը պահելով իր գրական եւ մշակութային կապերը Սփիւռքի գրողներուն հետ։ Երկու մրցանակներ եւս տրուած են բանաստեղծական եւ արձակ երկերու համար մին՝ բանաստեղծ Շանթ Մկրտչեանին ՜՜Գիշերային արեւներ՝՝ ժողովածուին, եւ միւսը՝ արձակագիր Վահագն Մուղնեցեանին ՜՜Տաբու՝՝ գիրքին համար։

Բացի Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ)ի մրցանակներէն, գրողներու եւ գրագէտներու նիւթական եւ բարոյական շքանշաններ կը նուիրեն նաեւ՝ այլ միութիւններ եւ հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի սահմանած 21րդ դարի հայը եւ Մայր Աթոռ Ս Էջմիածինի Կանթեղ մրցանակները՝ տրամադրուած թարգմանական աշխատանքներու։



Հայաստան - Գրական Մրցոյթ

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի կողմէ Փետրուար 15էն Յունիս 1, պիտի կազմակերպուի գրական ստեղծագործութիւններու միջազգային մրցոյթ մը ՜՜ Իմ հեռու, իմ մօտիկ, իմ սուրբ Հայաստան՝՝ խորագիրով, որուն կրնն մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ուսանողներ եւ դպրոցներու բարձր դասարանի աշակերտներ։

Մասնակիցները պիտի ներկայանան մէկ ստեղծագործութեամբ՝ շարադրութիւն, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, ակնարկ, հրապարակախօսութիւն եւ այլն։

Մրցոյթին նպատակն է Հայաստանի, Արցախի ու հայկական գաղթօճախներու ուսանողներն ու աշակերտները հաղորդակից դարձնել հայ ժողովուրդի պատմական անցեալին, ինչպէս նաեւ ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, խորացնել ազգային միասնութիւնը՝ խթանելով հայապահպանման գործը եւ հայկական մշակոյթի զարգացումը։ Մրցոյթը նաեւ լաւ միջոց է Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն աւելի գործածելի եւ հայոց պատմութիւնը աւելի ճանաչելի դարձնելու համար։

Մասնակիցներու գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն (Հայաստանէն, Արցախէն եւ ԱՊՀ երկիրներէն ներկայացուած աշխատանքները կընդունուին միայն հայերէն եւ ռուսերէն, իսկ հեռաւոր արտերկրէն՝ անգլերէն լեզուով)։ Գրութեան ծաւալը պէտք է չանցնի համակարգչային 4 էջը ու մինչեւ Յունիս 1 վերջնականապէս պէտք է ներկայացուած ըլլան անոնք։

Պարգեւատրումները տեպի պիտի Հոկտեմբերին որպէս նուէր պիտի տրուի ՜՜համակարգիչ եւ արժէքաւոր նուէրներ ու պատուոյ գիրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.