2009-02-14 12:07:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազ Եուրի Չաքան։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան եւ Եուրի Չաքա բարձր գնահատած են երկու երկիրներու իրաւապահ մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ ընդգծած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազներուն կողմէ (երէկ) ստորագրուած յուշագիրի կարեւորութիւնը։ Հայաստանի նախագահն ու Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազը համաձայնած են, որ յուշագիրի առաջնահերթ ուղղութիւններու իրականացումը պիտի նպաստէ դատախազական մարմիններու գործունէութեան բարելաւման՝ տարբեր յանցագործութիւններու բացայայտման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն արդիւնաւորութեան բարձրացման, մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ու ազատութիւններու պաշտպանումին, փտածութեան կանխարգիլման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այլն։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ։

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով զբաղող յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Մարք Քըրք, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Ճորճ Ռատանովիչ նախանցեալ օր շրջանառութեան մէջ դրած են քանի մը նամակ՝ իրենց գործընկերներուն կոչ ուղղելով միանալու՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծի ընդունման նոր նախաձեռնութեան։ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ , որ չորս քոնկրեսականները իրենց նամակին մէջ կը գրեն ՝՝Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչումով մենք կը վերահաստատենք Ցեղասպանութեան մասին յստակ խօսելու՝ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր նուիրումը՝ մարդու կողմէ, մարդու նկատմամբ տմարդի վերաբերմունքի հետագայ դրսեւորումներուն կանխարգելումին՝՝ ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Պարաք Օպամա իր ընտրարշաւին ընթացքին բազմիցս խոստացած է պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։



ՄՈՍԿՈՒԱ - Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա ,Մոսկուայի մէջ 13 Փետրուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած , թէ ՝՝Ռուսիա եւ Հայաստան պիտի ստեղծեն հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգ, Պիելոռուսիոյ հետ գոյութիւն ունեցող համակարգին նմանութեամբ։ Նշենք որ Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մաս կը կազմեն՝ Ռուսիա, Հայաստան, Պիելոռուսիա, Ղազախստան, Ղրղզստան, Տաճիկիստան եւ Իւզպէքիստան։





Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ։ Սփիւռքի նախարարը հանրապետութեան նախագահին զեկուցած է՝ վերջին չորս ամիսներու ընթացքին նախարարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքներուն, մեկնարկած ծրագիրներուն մասին, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը խթանող օրէնսդրութեան հետագայ կատարելագործման, գաղթօճախներու համար նպատակային մասնագէտներու պատրաստման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք տեղեկատուական դրոյթի ձեւաւորման ու Սփիւռքի հետ տեղեկատուութեան փոխանակման խնդիրներուն։



Հայաստանի նկարիչներու միութեան յարկին տակ 13 Փետրուարին բացումը կատարուեցաւ ՝՝ART EXPO՝՝ խորագիրը կրող ցուցահանդէսին՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի ներկայութեամբ։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ 2008ին իրականացած աշխատանքները, տեսանիւթերու եւ նկարներու միջոցով արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ այս տարի նախատեսուող ծրագիրները։Ցուցահանդէսի բաժիններէն են՝ շարժապատկեր, թատերարուեստ, տեղեկատուական տպագիր եւ ելեկտրոնային գիրքեր, ամսագիրներ, մշակութային ծրագիրներ, երաժշտարուեստ, թանգարաններ, ինչպէս նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններ եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.