2009-02-12 14:00:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հայրական խօսքը հիւանդներուն ու տառապեալներուն ՜՜հիւանդին համաշխարհային օրուան՝՝ առթիւ



Կեանքը մեր տրամադրութեան տակ չէ։


Չորեքշաբթի 11 փետրուար 2009-ի յետմիջօրէին, հանդիսաւոր պատարագով մը Եկեղեցին յիշատակեց հիւանդին օրը։ Կարտինալ Պառական` նախագահը առողջութեան քահանայապետական խորհուրդին պատարագ մատոյց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, աշխարհի հիւանդներուն համար։ Պատարագին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Պետրոս տաճարը մտաւ ողջունելու պատարագին մասնակցող հիւանդները։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, նորին սրբութիւնը դարձեալ խօսեցաւ ցաւի ու հիւանդութեան մասին, ընդգծելով թէ՝ կեանքը մեր տրամադրութեան տակ չէ, այլ արկղ մըն է մեզի յանձնուած՝ զայն լաւ պահպանելու եւ ամենայն ուշադրութեամբ խնամելու համար, սկիզբէն մինչեւ բնական մահը։ Կեանքը յարեց Նորին Սրբութիւնը, խորհուրդ մըն է, եւ, ինքնին կ՛ենթադրէ պատասխանատուութիւն, համբերութիւն եւ սէր բոլորիս կողմէ։ Առաւել եւս, պէտք է հոգատարութեամբ ու յարգանքով մօտենանք հիւանդին ու տառապեալին։



-Սրբազան Հօր պատգամը Աւստրալիոյ հրդեհներու զոհերուն։

Աուստրալիոյ մէջ տեղի ուեցող ահաւոր հրդեհներու ի լուր, Վիքթորիա նահանգին մէջ, որու հետեւանքով՝ մեծաթիւ անձեր մահացան, գիւղեր ամբողջ անհետացան եւ բազմաթիւ ընտանիքներ անտուն մնացին եւ իրենց ինչքերը կորսնցուցին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ուզեց ՜՜իր մօտիկութիւնը յայտնել բոլոր զոհերուն եւ աղօթքը բարձրացնել ողորմած Աստուծոյ, որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի մեռեալները՝՝, կը կարդանք Սրբազան Քահայանապետի ցաւակցական պատգամին մէջ ուղղուած՝ Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչին։ Հրդեհները ծագեցան անցեալ փետրուար 7-ին, այրելով շուրջ 3.500 քիլոմեթր տարածութիւն եւ պատճառ դառնալով աւելի քան 200 հոգիի մահուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.