2009-02-12 10:46:34

Կրօնաբարոյական հարցեր 41– Բնական Օրէնքները


RealAudioMP3 Կրօնաբարոյական հարցեր 41– Բնական Օրէնքները



Խօսեցանք թէ ինչպէս Աստուած` ստեղծելով աշխարհը եւ մասնաւորապէս մարդը, ուզեց կամովին իրագործել անաւարտ գործ մը։ Ուստի ամէն մէկ արարածի մէջ դրաւ ձգտում մը դէպի կատարելութիւն, փափաք մը յառաջդիմութեան, բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ կարգ մը օրէնքներ, որպէսզի անոնց համաձայն ընթանայ արարածը իր կատարումին հասնելու համար։ Այս օրէնքները սակայն դուրսէն պարտադրուած չեն, ուրիշ անձի մը կողմէ, այլ` արարածին բնութեան մէջ կը գտնուին, մաս կը կազմեն անոր էութեան ամենախոր բաժնին։

Որո՞նք են այդ օրէնքները։

Անոնք նախ կը պատկանին ֆիզիքական աշխարհին. Մարդկային խելքը միշտ փնտռտուքի մէջ է եւ կ՛ուզէ նախ գտնել այդ օրէնքները, զանոնք ցանկագրել եւ իրարու մերձեցնել վարկածներ մշակելով եւ անոնց իրագործումը ճշդելով։ Ինչ որ կարելի չէ ընել արագօրէն, այլ խարխափումներով գիտութեան մարզէն ներս։

Նոր գիւտերու ազդեցութեան տակ` մարդ ստիպուած եղած է փոխել նախապէս ընդունուած վարկածները, առանց անշուշտ դպչելու բնական օրէնքներուն, որոնք չեն կրնար փոխուիլ, սակայն փոփխութեան ենթարկելով անոնց ըմբռնումը, որ դարերու ընթացքին կրնայ սխալ եղած ըլլալ։

Գիտութիւնը չի հնարեր այս օրէնքները, այլ զանոնք կը գտնէ հետզհետէ պեղումներ կատարելով արարածներու կեանքի զանազան մարզերէն ներս։ Այսպէսով ան յարգանք ու փառք կը մատուցանէ այս արարածները ստեղծողին։

Սակայն նոյն արարիչը կարող է անցնիլ իր իսկ դրած օրէնքներէն դուրս եւ փոխել բնական ընթացքը բնութեան օրէնքներուն։ Աստուծոյ այս միջամտութեան անուն մը կու տանք. Զայն կը կոչենք հրաշք։

Սակայն ի՞նչ է պատճառը Աստուծոյ այս արտասովոր ընթացքին. Ինչու՞ կը փոխէ դէպքերու բնական ընթացքը։ Ոչ անշուշտ իր ստեղծագործութիւնը սրբագրելու համար, ինչ որ հակառակ պիտի ըլլար իր սկզբունքներուն. Այլ յատուկ մէկ պատճառի մը համար, որ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ` արարծին բարիքը. Այս միջամտութեամբ ան կ՛ուզէ մեզի բան մը յայտնել, բան մը որ մեր սովորական խելքով երբեք պիտի չյաջողինք ըմբռնել։

Երբեմն այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք որ ծանր վտանգէ մը ազատուած ենք, առանց սակայն զգալու թէ ինչպէս` բնութեան հակառակ դէպքի մը պատահումով, կրցանք փրկուիլ։

Մեզմէ ամէն մէկը այսպէս ենթարկուած է յատուկ մէկ պաշտպանութեան մը, երբեմն առանց իսկ իրազեկ ըլլալու անոր։ Ուստի Եկեղեցին կ՛ընդունի աստուածային միջամտութեան կարելիութիւնը եւ հրաշքներու իրագործումը, առանց խանգարելու բնական օրէնքները, պարզապէս մեզ ուշադիր դարձնելու համար իր յայտնելիք մէկ կարեւոր ճշմարտութեան մը շուրջ։

Այս հրաշքը զոր կը կատարէ Աստուած մղուած է մեր սէրէն. Ամէն յայտնութիւն նշան մըն է Աստուծոյ սիրոյն իր արարածներուն հանդէպ։ Ոմանք բացարձակապէս կը մերժեն որեւէ հրաշք, կամ աստուածային միջամտութիւն, ուրիշներ ամէն բանի մէջ հրաշագործութիւն կը տեսնեն։

Մեզի կ՛իյնայ հաւասարակշիռ կերպով գտնել ուղիղ ճամբան, ընդունելով որ օրէնսդիրը կարող է գործել նաեւ իր օրէնքներէն դուրս, սակայն ոչ անոնց հակառակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.