2009-02-12 13:00:57

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Իսրայէլեան Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Արդիւնքը Անորոշութեան Կը Մատնէ Երկրի Քաղաքական Կացութիւնը։

Իսրայէլ երէկ դէպի քաղաքական անորոշութիւն ուղղուեցաւ, երբ անոր խորհրդարանական ընտրութիւնները մրցակից յաղթականներ յառաջ բերաւ։ Արդարեւ Ցիփի Լիվնիի ղեկավարած կեդրոնի Քատիմա կուսակցութիւնը քուէներու մեծամասնութիւնը ապահովեց, սակայն համախոհական կառավարութիւն մը յառաջացնելու անոր առիթները քիչ են։ Իսկ Աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու կրնայ այդ զօրակցութիւնը ապահովել, սակայն վերլուծաբաններ կը յայտնեն , որ անոր կազմելիք համախոհական կառավարութիւնը կրնայ աշխատելու դժուարութիւններ ունենալ։ Իսրայէլի մեծագոյն օրաթերթերէն ՝՝Ետիոթ Ահրոնոթ՝՝ իր երէկուան թիւին առաջին էջով երկու ղեկավարներու դիմանկարներուն վրայ զետեղած էր ՝՝յաղթեցի՝՝ խորագիրը։ Սակայն կարգ մը մեկնաբաններու համաձայն, իրարու հակադրուող պնդումները ցոյց կու տան, որ Իսրայէլ ի՛նք պարտուած է։ Օրաթերթի յօդուածագիր Էյթան Հապեր կը գրէ՝՝Բոլոր քուէարկողներուն համար մէկ բան յստակ է՝ քաղաքական համակարգը քանդուած ՝՝։

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես այժմ պէտք է կառավարութեան կազմութիւնը Լիվնիի կամ Նեթանիահուի վստահելու որոշում տայ։ Նշանակուող անձը կառավարութիւն մը կազմելու համար 42 օրուան պայմանաժամ ունի։



ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՕԴՈՒԺԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ.

Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած, որ Ազրպէյճանի օդուժի հրամանատար զօր. Ռայիլ Ռզայեւ Պաքուի մէջ իր բնակարանին առջեւ սպաննուած է։

Ազրպէյճանական ՝՝Թուրան՝՝ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած, որ 64-ամեայ Ռզայեւ առաւօտեան շուրջ ժամը 8։00-ին իր ինքնաշարժը մուտք գործած ատեն գլուխէն անծանօթ զինեալի մը կողմէ արձակուած փամփուշտ մը ստացած է։ Զօրավարը հիւանդանոց փոխադրուած է, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահացած է։



ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Մեթիու Պրայզա յայտարարած է թէ ՝՝Ես տեղեակ չեմ մօտ ապագային Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրման վերաբերեալ, մենք պէտք է պահպանենք Ալիեւ եւ Սարգսեան Նախագահներու միջեւ բանակցութիւններու դրական զարգացումը,( նշած է դեռ Պրայզա)։



Փարիզի մէջ լոյս տեսնող ՝՝Փոլիթիք Էնթերնասիոնալ՝՝ պարբերաթերթը, որ միջազգային քաղաքագիտական եւ դիւանագիտական շրջանակներու մէջ եւրոպական ամէնէն հեղինակաւոր հրատարակութիւններէն է, իր վերջին թիւին մէջ աւելի քան 100 էջնոց յատուկ բաժին մը նուիրած է Հայաստանին։ Բաժինը կը սկսի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ծաւալուն յօդուածով, ուր ներկայացուած են Հայաստանի անկախութենէն ետք երկրին անցած ճամբան, երկրին առջեւ այսօր կանգնած խնդիրներն ու հեռանկարները։ ՝՝Ապագան մեզի կը պատկանի խորագիրով՝՝ իր յօդուածին մէջ, նախագահ Սարգսեան Հարաւային Կովկասի շրջանի անվտանգութեան ապահովման եւ տնտեսական զարգացման կարելիութիւններու լիարժէք օգտագործման ծիրին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութեան,ներկայացնելով այսօրուան իրողութիւններն ու դրական լուծման վերաբերեալ Հայաստանի տեսակէտները։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին ՝՝Փոլիթիք Էնթէրնասիոնալ՝՝ պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը ներկայացնէ աշխարհի մէջ Հայաստանի տեղը, Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակի պայմաններուն մէջ՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.