Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան
երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի
հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Կորան Լենմարքըրը։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը
կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման
գործընթացին, հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան, Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական
զարացումներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան առնչուող
հարցեր։ Սերժ Սարգսեան ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի
մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու խորացման ուղղութեամբ։ Իսկ Լենմարքըր ողջունած է
հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն
գործադրած ջանքերը։
Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները։
Իրայէլի
18-րդ Քնեսեթի վերանորոգման ընտրութեան քուէարկութիւնը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 7.00ին։
Եւ գրեթէ 5 ուկէս միլիոն իսրայէլացիներու առիթ տրուեցաւ 9263 ընտրական կեդրոններու
մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 10 քուէարկելով, ընտրելու իսրայէլեան 33 կուսակցութիւններէ
իրենց ներկայացուցիչները։ Երեկոյեան ժամը 10։00-ին(իսրայէլեան ժամով) քուէատուփերու փակումէն
ետք իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանի առաջին ալիքը հրապարակեց վիճակագրական նախնական
տուեալներ, ըստ որոնց արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնիի ղեկավարած Քատիմա կուսակցութիւնը
կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ՝ 28 աթոռով,իսկ Լիքուտը երկրորդ դիրքի վրայ՝27 աթոռով։
Պաղեստինցի ղեկավար մը արտայայտուելով քուէարկութեանց արդիւնքներու մասին ըսած է որ ՝՝իսրայէլի
խորհրդարանական ընտրութիւններուն աջակողմեան երկու կուսակցութիւններու յաղթանակը մեծ
վտանգ մընէ Գահիրէի երկխօսութեան՝.՝ երկրորդ կուսակցութիւն ըսելով պաղեստինցի ղեկավարը
կ՝ակնարկէ երրորդ դիրքի վրայ գտնուոյ ծայրայեղական Եիսրայէլ Պէյթինու կուսակցութեան։
Ֆրանսայի
նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, կոչ ուղղեց Եւրոպայի՝ Իրաքի հետ յարաբերութիւններ վերահաստատելու
մասին։ 2003ի ամերիկեան ներխուժումէն ետք, առաջին ֆրանսացի նախագահն է Նիքոլա Սարքոզի,
որ պաշտօնական այցելութեամբ մը Իրաք գնաց։ Անակնկալ այցելութեամբ մը, 10 փետրուարի առաւօտ
Պաղտատ ժամանեց Ֆրանսայի նախագահը, արտաքին գործոց նախարար Պերնար Քուշնէրի ընկերակցութեամբ։
Ան ընդունուեցաւ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի կողմէ։ Պաղտատ այցելութիւնը ներառնուած
է Նիքոլա Սարքոզիի Պարսից Ծոց կատարած շրջապտոյտի մը ծիրէն ներս, որ կը բովանդակէ նաեւ
Օմանը, Պահրէյնը եւ Քաթարը։
Իտալիոյ մէջ Քաղաքական եւ ընկերային տագնապ
Էլուանա Էնկլարոյի մահուամբ։
Աննախընթաց քաղաքական եւ ընկերային տագնապ ապրեցաւ
Իտալիան՝ այս վերջին ամիսներուն եւ յատկապէս վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին Էլուանա
Էնկլարոյի հարցով։ 37ամեայ կինը, որ 17 տարիէ ի վեր մահաքունի մէջ կը գտնուէր, մահացաւ
Երկուշաբթի գիշեր իտալիյ ժամով ժամը 20.10ին , մինչ Ծերակոյտը կը քննարկէր սննդառութեան
շարունակութիւնը պահանջող Պերլուսքոնիի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած օրինագիծը,
որ հանրապետութեան նախագահը նախքան արդէն չէր ստորագրած ,նկատի ունենալով որ կար Գերագոյն
Ատեանի որոշումը որ ՝՝կը թոյլատրէր սնունդի դադրեցումը՝՝։ Էլուանայի հայրը երկար տարիներէ
ի վեր կը մղէր այս պայքարը ,քանի Էլուանայ երբէք պիտի չփափաքէր ապրիլ մահաքունի մէջ կախեալ
ուրիշներէ,ան իր այս փափաքը յայտնած էր իր հօրը(նախ քան ինքնաշարժի արկածը,իր ողջութեանը)
երբ իր մէկ ընկերոջ պարագան զինք շատ տպաւորած էր։
Իրանի նախագահը
երէկ յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու, Միացեալ Նահանգներու
քաղաքականութեան մէջ արմատական փոփոխութիւն պահանջելով ։ Ահմէտինէճաթի այս յայտարարութիւնը
Պարաք Օպամայի կողմէ նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր ամէնէն հաւասարակշռուած
յայտարարութիւնը կը նկատուի։