2009-02-10 14:28:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճառը Պրազիլի նոր դեսպանին


Երկուշաբթի օրը, ընդունելով Պրազիլի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ճառ մը ուղղեց նոր դեսպանին հրաւիրելով Պրազիլի կառավարութիւնը, պաշտպանը հանդիսանալու՝ մարդկային հիմնական արժէքներուն, եւ մասնաւորապէս ընտանիքին եւ սաղմին իրաւունքին։

Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց հարկաւորութիւնը պահպանելու այն իրաւունքները որոնք կը պաշտպանեն մարդկային արժանաւորութիւնը եւ յարգանքը մարդկային հիմնական իրաւունքներու, այն ինչ որ Պրազիլը յանձնառումով կը գործէ այդ ուղղութեամբ ,դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը։ Սակայն եւ այնպէս Նորին Սրբութիւնը խնդրեց նոր դեսպանէն որ Պրազիլը բացայայտօրէն ճանչնայ նուիրականութիւնը ընտանիքին եւ ծնանելիք երախային։ Յայտնենք թէ Պրազիլի մէջ վիժումը ընդունուած է միայն հազուադէպ պարագաներուն, ինչպէս բռնաբարումի ընթացքին ու եթէ մայրը մահուան վտանգի մէջ է։ Այն ինչ որ կը հայի կենսաբանական փորձարկութիւններուն, Սրբազան Քահայանապետը պաշտպանը կը հանդիսանայ բարոյականի մը որ պաշտպանէ սաղմը ու անոր ծնանելու իրաւունքը։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ բարոյական վաւեր ու հաստատ կազմաւորում ջամբուի ընկերութեան բոլոր մակարդակներու վրայ եւ մասնաւորապէս քաղաքական գետնի վրայ, որովհետեւ կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ ուր նիւթապաշտութիւնը կը յաղթանակէ ընկերութեան մէջ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը վերակոչեց հարկաւորութիւնը հսկելու աշխարհի խաղաղութեան վրայ եւ լուծելու ընդհարումները խաղաղ նախաձեռնութիւններով։ Ի դէպ, Պրազիլի նոր դեսպանը` տիար ֆիլիփ Գոռէա ծնած է 1945ին։ Ան եղած է դեսպան Մեքսիքա, Արժանթին, Գերմանիա եւ մնայուն դէտ առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ։



Ս. Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը Վիէթնամ կը մեկնի փետրուար 16ին

Հանոյ կեցութեան ընթացքին Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ երկրի կաթողիկէ հասարակութեան հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ, ուր պիտի շօշափուի տեղական եկեղեցւոյ ինչքերու հարցը եւ խումբ մը հաւատացեալներու դատավարութեան հարցը։ Վատիկանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ գերապայծառ Բարոլի։ Ան փետրուար 16-21 հանդիպում պիտի ունենայ երկրի արտգործ եւ կրօնական հարցերու նախարաներուն հետ, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահին հետ։ Նոյնպէս Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ հիւիսային Վիէթնամի երկու թեմերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.