2009-02-10 12:43:49

Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դրական եւ կառուցողական գնահատած է Միւնիխի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի հետ կայացած հանդիպումը։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած գլխաւոր հարցերը ուղղուած են յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Տաւոսի մէջ Հայաստանի նախագահի եւ Թուրքիոյ վարչապետի հանդիպումէն ետք եւս յանձնարարուած էր՝ արտաքին գործոց նախարարներուն՝ լրացուցիչ ջանքեր գործադրել յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի հետ համաձայնած են յառաջիկային հանդիպում մը եւս ունենալու համար։Ալի Պապաճան, Նալբանդեանի հետ հանդիպելէ ետք, Միւնիխի մէջ քաղաքավարական հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Ըստ թրքական ՝՝Թրէնտ՝՝ լրատու գործակալութեան, Պապաճան Միւնիխէն անցած է Պաքու, ուր երէկ՝ (Երկուշաբթի օր), հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։



Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։Հայկական երկու պետութիւններու նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր։ Նախագահ Սարգսեան Բակօ Սահակեանին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ զիւրիխեան հանդիպման արդիւնքներուն մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ համաշխարհային ֆինանսա-տնտեսական ճգնաժամը դիմակայելու ուղղուած համատեղ քայլերը ու այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն առնչուող հարցեր։



Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որոշած է կազմել նոր ենթայանձնախումբ մը, որ պիտի հետապնդէ Եւրոպայի տարածքին գոյութիւն ունեցող անլոյծ տագնապներ, որոնցմէ մէկն է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը։ Ենթայանձնախումբին ատենապետն է բրիտանացի Տէյվիտ Ուիլշայր, որ յայտնած, թէ ՝՝Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողքին քննուող այլ հարց մը պիտի ըլլայ նաեւ Վրաստան-Ռուսիա հակամարտութիւնը՝՝։



Իսրայէլի մէջ այսօր տեղի կ՝ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Գրեթէ 6 միլիոն ընտրողներ կանչուած են արտայայտուելու Գնէսէթի այսինքն Իսրայէլի Խորհրդարանի վերանորոգման համար։ Թեկնածուներու Ցանկին գլխաւոր անունները երեք հոգի են որոնք պիտի առաջնորդեն ապագայ կառավարութիւնը։ Կեդրոնը կը գտնուի Ցիփի Լիվնի(Գատիմա կուսակցութենէն) իսկ աջին Պենիամին Նեթանիահու(Լիքուտ կուսակցութենէն) ապա ձախին Էհուտ Պարաք Աշխատաւորական կուսակցութենէն որ վերջերս կորսնցուցած է իր երրորդ դիրքը , ի նպաստ ծայրայեղական Ավիկտոր Լիպըրմանի ու անոր ղեկավարած Եիսրայէլ Պէյթինու ( Իսրայէլը մեր Տունն է ) կուսակցութեան։



Այս առաւօտ ֆրանսայի նախագահը Նիքոլա Սարքոզի անակնկալ այցելութեամբ մը Պաղտատ գացած է. ասիկա Սատտամ Հիւսսէյնի վարչակարգի անկումէն ասդին(գրեթէ վեց տարի առաջ) ֆրանսացի նախագահի մը կատարած առաջին այցելութիւնն է Իրաք։ Նիքոլա Սարքոզի ապա պիտի շարունակէ իր շրջապտոյտը երթալով՝Պահրէյն,Գուվայթ եւ Օման։

Աւստրալիոյ ոստիկանութիւնը Փետրուար 9ին հաղորդեց, թէ կը հետապնդէ այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց անցնող շաբաթավերջին երկրին հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ յառաջացած հրդեհներուն մէկ մասը կրնան դիտումնաւոր կերպով սկսած ըլլալ, մինչ կը հաղորդուէր, թէ զոհերուն թիւը արդէն իսկ 166ի հասած է։ Աւստրալիոյ պատմութեան մէջ ամենամահացու այս հրդեհները նաեւ տեղահան ըրած են աւելի քան 500 հոգի, մինչ առնուազն 750 բնակարաններ հրկիզուած են։



El Pais թերթը կը տեղեկացնէ ,որ ծագումով հայ ֆրանսացի երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուրը հրաժարած է Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը ստանձնելէ։ Ազնաւուր սպանական թերթի մը հետ Փետրուար 9ին ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այդ պաշտօնը իրեն առաջարկած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ինչ որ Իսկապէս ՝՝հպարտութիւն պատճառած էր՝՝ իրեն։ Սակայն յաջորդ օրը երկար մտածելէ ետք եզրակացուցած է, որ նման պաշտօն մը զինք պիտի զրկէ որոշ ազատութիւններէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.