2009-02-09 13:12:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 9 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց տիար ֆելիփ Գոռէա` Պրազիլի նոր դեսպանը, որ ներկայացուց իր հաւատարմագրերը Սրբազան Պապին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կոչը Մատակասկարի խաղաղութեան վերահաստատումին ի խնդիր

Կիրակի օրը Սրբազան Պապը Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքի աւարտին, կոչ ուղղեց Մատակասկարի պատասխանատուներուն՝ որպէսզի աշխատին կղզիի բնակիչներու համերաշխութեան ի խնդիր։

Յայտնենք թէ Մատակասկարը վերջերս թիրախ է ներքին խռովութիւններու, որ պատճառած է աւելի քան 100 զոհ։ Սրբազան Հայրը իր կոչին մէջ կը հրաւիրէ Մատակասկարի կաթողիկէները, որ միանան եւ աղօթեն Տիրոջ որպէսզի խաղաղութիւնը եւ ընկերային համակեցութիւնը վերահաստատուի կղզիին մէջ եւ միաժամանակ հոգեհանգստեան աղօթք կատարեն զոհերուն համար։ Սրբազան Քահանայապետը իր այս կոչով ուզեց միանալ Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն, որոնք կիրակի 8 փետրուարը աղօթքի օր հռչակած են ազգային հաշտութեան ու ընկերային խաղաղութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.