2009-02-09 13:13:09

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Վատիկան։ Վատիկանը կը պատրաստուի Պիոս 12.երորդ Քահանայապետին նուիրուած մեծարանքի նոր յիշատակութեան մը,որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի շրջանի Գասթէլկանտոլֆոյի Պապական Ամարանոցի Պալատը,ուր 1944ի՝22 յունուարէն-4 յունիս ,Քահանայապետը(Պիոս ԺԲ.) հիւրընկալած է աւելի քան 10հազար հոգի,մեծ մասմաբ հրեաներ։ Յիշատակութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ 10 Փետրուարին,Գասթէլ Կանտոլֆոյի Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ուսումնարանի ռմբակոծումի տարելիցի օրը(անգլիա-ամերիկեան զօրագունդերու կողմէ)կը զուգադիպի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հրեաներու միջեւ յարաբերութեանց նուրբ մէկ պահուն։ Գերմանացիներու եւ դաշնակից ուժերու կրակին միջեւ մնացած գասթէլլի ռոմանի-ի մեծաթիւ բնակիչները ապաստան կը գտնեն Քահանայապետական բնակավայրի մ էջ,դաշնակից ուժերու Անցիօ ցամաքահանումէն , այսինքն 1944ի՝ 22 յունուարէն ,մինչեւ անոնց մայրաքաղաք Հռոմ մուտքը, որ տեղի ունեցած է 4 յունիսին՝1944ի։ Այդ ժամանակաշրջանին հոն ապաստան գտնողներէն ոմանք,ընդ որս այդ շրջանին պապական յարկաբաժինը ծնած երախաներ պիտի մասնակցին 10 Փետրուարի յիշատակութեան արարողութեան,նուիրուած՝Պիոս 12.երորդ Քահանայապետին։

Հռոմ։ Կաթողիկէ Եկեղեցին մօտ ատենէն կրնայ ստանալ Տարսոնի(թուրքիա) Եկեղեցւող վարձքը,Սուրբ Պօղոս Առաքեալի քաղաքի կրօնական շէնքը թանգարանի վերածուած ,երկար ժամանակէ ի վեր բանավէճի առարկայ է։ Այս մասին արտայայտուած է Գերապայծառ Լուիճի Բատովէզէ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Նախագահը։ Դէպի յառաջ փոքր քայլեր կ՝առնենք, մասնաւորապէս այն ինչ որ կը հայի Տարսոնի Եկեղեցիին(ըսած է Փատովէզէ). Բարձրաստիճան եկեղեցականը շփումներ ունեցած է Գերմանիոյ Դեսպանին հետ (դէպքը հետապնդող պատուիրակը) եւ թրքական իշխանութեանց հետ։ Մինչ այդ Տարսոնի Եկեղեցին կը շարունակէ ըլլալ վայր ուխտագնացութեանց։ Գերապայծառ Փատովէզէ յայտնած է նաեւ իր գոհունակութիւնը Պէնէտիկտոս 16.րորդ Սրբազան Քահանայապետի առաջարկին համար. ՝՝հաստատել Երկկողմանի Յանձնախումբ մը՝՝ Սուրբ Աթոռ-Թուրքիա , որպէսզի ելք մը գտնուի լուծումի կարօտ հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.