2009-02-09 13:12:35

Լատերանեան Դաշինքի Ստորագրութեան 80-երորդ Տարելիցը։


Լատերանեան Դաշինքի Ստորագրութեան 80-երորդ Տարելիցը։

Լատերանեան դաշինքի ստորագրութեան 80երորդ տարելիցի տօնակատարութիւնները կը նախատեսեն Հանդիսաւոր Ցուցահանդէս մը, ապա Նուագահանդէս մը Պէնէտիկտոս 16երորդ Սրբազան Հօր ներկայութեամբ եւ ուսումնասիրական համագումար մը Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար ֆրանքօ ֆրաթթինիի մասնակցութեամբ։ 1929ի 11 փետրուարին ստորագրուած Լատերանեան Դաշինքով ծնունդ կ՝առնէր Վատիկանի Պետութիւնը ,արդարեւ ցուցահանդէսը կը կրէ ՝՝1929-2009 Վատիկանի Պետութեան 80 տարիները՝՝ վերտառութիւնը եւ հինգ մասերու բաժնուած է, եւ պիտի տեւէ մինչեւ 10 Մայիս։ Իսկ ուսումնասիրական համագումարի նիւթը պիտի ըլլայ ՝՝ Փոքր հողամաս մը մեծ առաքելութեան մը համար՝՝ որ տեղի պիտի ունենայ 12-էն 14 Փետրուար եւ որու իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար ֆրանքօ ֆրաթթինի։ Իսկ Նուագահանէսը պիտի կատարուի 12 փետրուարին,ժամը 18ին,Վատիկանի Պողոս Զ.ի անուան հսկայ սրահին մէջ ներկայութեամբը Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին եւ կատարողութեամբ Տուպլինի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Our Ladys Choral Society Երգչախումբին եւ միշտ Տուպլինի RTE Concert Նուագախումբին որոնք լսելի պիտի ընեն Հէնտէլի ՝՝Մեսիա-ն՝՝ Օրաթորիօն։








All the contents on this site are copyrighted ©.