2009-02-09 12:39:48

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փետրուար 6ին Միւնիխ ժամանելով մասնակցած է նոյն օրը այնտեղ սկսող Անվտանգութեան Քաղաքականութեան տարեկան 45րդ միջազգային համաժողովին։ Նախագահի Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարինէ Ղազինեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ տեսակցած է Պաւարիոյ վարչապետին հետ, իսկ փետրուար 7ին ՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին հետ։



ԵՐԵՒԱՆ- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ, քառակողմ փոխըմբռնման յուշագիր մը կքնուած Նորվեկիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ՝՝Միասին ապրիլ, միասին սորվիլ՝՝ եռամեայ ծրագրի իրականացման օժանդակելու վերաբերեալ։ Յուշագիրը ստորագրած են Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան փոխնախարար Բագրատ Եսայեան, Տաւուշի մարզպետի տեղակալ Լեւոն Սարգսեան, ՝՝Առաքելութիւն Արեւելք՝՝ տանիմարքայի մարդասիրական կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Կիմ Հարցներ եւ Յոյսի Կամուրջ հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Թադեւոսեան։ Բ. Եսայեանը նշած, որ այժմ հանրապետութեան տարածքին կը գործեն ներառական կրթութիւն իրականացնող 31 դպրոցներ։ Այս յուշագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ երեք տարուայ ընթացքին Տաւուշի Մարզի բոլոր դպրոցները ներգրաւել ներառական կրթութիւն իրականացնող ուսումնական հաստատութիւններու ցանցի մէջ։





Թրքակա՝՝Մազլում տըր՝՝ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը Անգարայի պետական դատախազի Գրասենեակին մօտ դատական գանգատ ներկայացուցած է՝ Իսրայէլը ամբաստանելով Պաղեստինի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով։ Իսկ Իսրայէլի նշանաւոր թերթերէն ՝՝ՀԱԱՐԵՑ՝՝ Հինգշաբթի, Փետրուար 5ին հրատարակած է խմբագրական մը, ուր խստօրէն կը քննադատուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Իսրայէլի հասցէին կատարուած յայտարարութիւնները։Թերթը ՝՝երկերեսութիւն՝՝ կորակէ Էրտողանի քաղաքականութիւնը, սակայն կաւելցնէ, թէ անոր այս քայլը պէտք չէ վնաս հասցնէ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն։Թերթը նաեւ կը զուշացնէ բոլոր այն պաշտօնատարները, որոնք Էրտողանին հետ գործ կունենան, որովհետեւ Տաւոսի միջադէպէն առաջ իսկ, Էրտողան իսրայէլացի ղեկավարները անարգած էր։ ՝՝Հաարեց՝՝ կը գրէ, որ Էրտողան, Իսրայէլը քննադատելու ընթացքին կը մոռնայ իր երկրի անցեալին մութ էջերը։ Ոչ, ոչ, չկարծուի, որ կակնարկենք 1915ին հայերու դէմ գործադրուած սպանդին, այլ կակնարկենք 1990ական թուականներու այն պատահարներուն, երբ Թուրքիա, ահաբեկչական հռչակուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ իր պայքարին ընթացքին, հարաւարեւելքի մէջ 3500 քրտական Գիւղեր ոչնչացուց։ Հարիւր հազարաւոր քիւրտեր առանց բնակարանի մնացին եւ ստիպուեցան գաղթել դէպի մեծ քաղաքներ, (կը գրէ թերթը)։ Թերթը կը նշէ նաեւ որ երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ թէ երկուքին միջեւ զարգացած է ռազմավարական աննման զօրակցութիւն մը։



Միւս կողմէ Բրիտանական ՝՝Տի Իքոնոմիսթ՝՝ պարբերաթերթը իր 29 յունուարի թիւին մէջ լոյս ընծայեց Թուրքիա եւ Իսրայէլ՝ նոր վատ թրթռացումներ ,թրքական եւ եբրայական պետութիւններուն միջեւ յատուկ յարաբերութիւնը վտանգուած՝՝ խորագիրով յօդուած մը։ Յօդուածը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան առայժմ տեղի չէ տուած Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ կապերը թուլցնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ բարձրացող աղմուկին դիմաց։ Սակայն ռազմավարական բարեկամութեան շարք մը ջատագովներ կը վախնան, որ ան կրնայ վտանգուած ըլլալ,( կը նշէ պարբերաթերըթը)։ Ապա ՝՝Տի Իքոնոմիսթ՝՝ կը նշէ, որ Ամերիկայի հրեաները միշտ ալ սրտխառնուք զգացած են հայկական ջարդերու հարցով Թուրքիան պաշտպանելէ։ Մինչեւ հիմա գործնապաշտութիւնը տիրած է եւ անոնք թուրքերուն կողմը բռնած են։ Սակայն եթէ պրն. Էրտողան շարունակէ Իսրայէլը քննադատել, անոնք կրնան իրենց միտքերը փոխել։



Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշին վրայ կօշիկ նետած իրաքցի լրագրողը(հանրածանօթ դարցած) բողոք արտայայտելու նոր աւանդութիւն մը հաստատած ըլլալ կը թուի։ Արդարեւ, Փետրուար 5ին, շուէտացի ուսանող մը իր կօշիկով կրցաւ հարուած մը հասցնել Շուէտի մօտ Իսրայէլի դեսպանին, որ համալսարանին մէջ խորհրդաժողովի մը կը մասնակցէր։ Իսկ բրիտանացի մը կօշիկ նետած է վերջերս Քէյմպրիճի համալսարանին մէջ դասախօսող Չինաստանի վարչապետին վրայ, սակայն կօշիկը չէ հասած իր թիրախին։Նշենք թէ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայրին մէջ, արդէն իսկ իրաքցի լրագրողի հռչակաւոր կօշիկին արձանը շինուած է։ Միւս կողմէ Իրաքցի Լրագրողը բանտարկուած կը մնայ Պաղտատի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.