2009-02-07 13:04:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ծիսակատարութիւններու օրացոյցը փետրուար ամիսէն մինչեւ ապրիլ։


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ծիսակատարութիւններու օրացոյցը փետրուարէն մինչեւ ապրիլ ամիսը։ Արդարեւ չորեքշաբթի 25 փետրուարին՝ Օր Մոխրոց է ըստ լատինաց, սկիզբ կ՛առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ծիսակատարութիւնները ի պատրաստութիւն Ս. Զատկուայ տօնին։

Չորեքշաբթի 25 փետրուարին, յետմիջօրէին՝ Սրբազան Քահայանապետը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Սանդա Սապինա տաճարին մէջ սկիզբ տալով քառասնորդացի շրջանին։

Մարտ 1 էն 7 ը Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի քահանայապետական տան հոգեւոր կրթութեան։ Քարոզները պիտի կատարուին Փրկչին Մայրը կոչուած մատրան մէջ։

Մարտ 17-23 Սրբազան Քահանայապետը իր առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի կատարէ ափրիկեան ցամաքամաս, այցելելով նախ Գամերունը ապա Անկոլա։

Ապրիլ 2-ին հոգեհանգստեան պատարագ պիտի մատուցէ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահուան 4-րդ տարելիցին, որուն պիտի մասնակցին Հռոմի երիտասարդները։

Կիրակի Ապրիլ 5, ՜՜Ծաղկազարդ՝՝ է, Սրբազան Հայրը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցէ ՜՜Ս. Պետրոս՝՝ հրապարակը։

Ապրիլ 9, ՜՜Աւագ Հինգշաբթի՝՝՝ առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ. Սուրբ Իւղերու օրհնութեան պատարագը պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, իսկ յետմիջօրէին վերջին ընթրիքի ծիսակատարութիւնը պիտի գլխաւորէ Հռոմի Լատերանեան տաճարին մէջ։

Ապրիլ 10 ` ՜՜Աւագ Ուրբաթ՝՝ յետմիջօրէին, Սրբզ. Պապը ՜՜Քրիստոսի չարչարանաց երեկոյեան ժամասացութիւնը՝՝ պիտի գլխաւորէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ապա, երեկոյեան` Հռոմի Գոլոսսէօ Կրկէսը, ՜՜ խաչի ճանապարհը ՝՝ պիտի կատարէ ։

Ապրիլ 11 ին` Շաբաթ օրը, երեկոյեան ժամը 9-ին, Նորին Սրբութիւնը ճրագալոյսի պատարագ պիտի մատուցէ իսկ յաջորդ օրը, կիրակի 12 ապրիլին՝ Քրիստոսի Յարութեան Տօնին, Սրբզ. Պապը ՜՜Յարութեան՝՝ հանդիսաւոր պատարագը պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս հրապարակը եւ ապա իր առաքելական օրհնութիւնը պիտի տայ Հռոմի եւ երկրագունդի բոլոր բնակիչներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.