2009-02-06 14:22:43

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստանի մէջ Խոտաբոյսերու Արտահանումը կը նպաստէ տնտեսութեան


Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հինգշաբթի 5 փետրուարին, վարեց Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը։

Կառավարութեան 2009ի պահուստային հիմնադրամի հաշւոյն շուրջ կէս միլիոն տոլար յատկացուեցաւ տնտեսութեան նախարարութեան՝ Հայաստանի փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոն հիմնադրամին միջոցով աւելցնելու նպատակով ՜՜Մէգայ Արարատ՝՝ ընկերութեան սեփական դրամագլուխը որուն ծրագիրներու պիտի նպաստէ աւելի քան 50 նոր աշխատատեղիներու ստեղծման՝ Վայոց Ձորի եւ յարակից մարզերու 100էն աւելի ընտանիքներուն որոնք կը զբաղին խոտաբոյսերու հաւաքի աշխատանքով, անոնք կ՝արտադրեն՝ ուրցադաղձի, ծիրանի եւ դեղձի թէյեր եւ արտադրանքի 90 տոկոսը արտահանման համար։

Կառավարութիւնը այս նիստին հաստատեց նաեւ Երեւան քաղաքի քանդման ենթակայ վթարային հանրակացարանային բնակելի շէնքերու բնակիչներուն բնակարաններ յատկացնելու կարգը։ Որոշումը հաստատուած է, մեկնելով՝ յիշեալ շէնքերու բնակիչներուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ անոնց նոր բնակարաններ տրամադրելու անհրաժեշտութենէն ։



Հայաստանի Բարեզարդում՝ Սփիւռքի Ճարտարապետներու Մասնակցութեամբ

Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է Փետրուար 4ին եւ խօսած է արդի ճարտարապետական խնդիրներուն եւ անոնց հնարաւոր լուծումներուն մասին, յայտնելով, թէ սփիւռքահայ ճարտարապետներու մասնակցութեամբ, Ապրիլ 21էն 23ի միջեւ Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի համաժողով մը, ժամանակակից ճարտարագիտական սարքերու կիրառման փորձառութիւն փոխանակելու նպատակով, նաեւ պիտի ստեղծուի ճարտարապետներու համահայկական յանձնախումբ, որ յանձն պիտի առնէ լուծել ճարտարապետական տարբեր խնդիրներ։

Նարեկ Սարգսեան յառաջիկայի նախագիծերէն յատկապէս յիշեց կառավարութեան շէնքին բակը ճարտարապետական թմբուկի տեղադրման նախագիծը, Ազգային պատկերասրահի եւ օփերայի շէնքերուն քանդակաշարերու վերանորոգումը եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան թանգարանի բացումը։ Նաեւ պիտի վերակառուցուին Հայաստանի 10 մեծ քաղաքներ։ Սպիտակի մէջ պիտի կառուցուի արհեստաւորներու յատուկ թաղամաս, Ջերմուկի մէջ՝ զբօսաշրջային հիւրանոց եւ առաւել լայնածաւալ աշխատանքներ՝ Արմաւիրի մէջ։



Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի անուան Տուն-Թանգարան

Հայաստանի կառավարութիւնը Փետրուար 5ի իր նիստին որոշեց Երեւանի մէջ կառուցել Հայաստանի ազգային հերոս, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անուան տուն-թանգարանը, որուն համար 2009 ի պահուստային գանձարանէն 300 միլիոն դրամ (մօտ 1 միլիոն տոլար) պիտի տրամադրուի Երեւանի քաղաքապետարանին։ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ Դեկտեմբերին հրամանագիր մը ստորագրած էր, որով Հայաստանի քաղաքացիութիւն կը շնորհուի Շարլ Ազնաւուրին եւ Լեւոն Սայեանին այս վերջինը կազմակերպիչն է ՝ Շարլ Ազնաւուրի ելոյթներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.