2009-02-06 13:08:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութեան հրաւիրած է փոխոստիկանապետ Գէորգ Մհերեանի սպանութեան առնչութեամբ։ Սերժ Սարգսեան պահանջած է առաւել մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացնել ներկայ պահու դրութեամբ յանցագործութեան բացայայտման ուղղութեամբ կատարուած՝ աշխատանքներուն, պարզուած հանգամանքներուն եւ հաւանական վարկածներուն վերաբերեալ։ Նախագահը յանձնարարած է պարբերաբար զեկուցել քննութեան արդիւնքներուն մասին եւ ձեռնարկել բոլոր միջոցներուն՝ յանցագործները բացայայտելու ուղղութեամբ։



Դէպի Կազա ուղղուող լիբանանեան ՝՝Եղբայրութիւն նաւը՝՝ (որ բեռնաւորուած էր մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւններով) երէկ Կազայի ջուրերէն, դէպի իսրայէլեան Աշտոտ նաւահանգիստը առաջնորդուեցաւ իսրայէլեան ծովուժին բանեցուցած բռնի ուժով։ Իսրայէլեան ծովուժին կողմէ կրակ բացուած լիբանանեան նաւը Կազայի բնակչութեան կը փոխադրէր մարդասիրական օժանդակութիւններ եւ անոր անձնակազմին մաս կը կազմէին հոգեւորականներ, իրաւաբաններ, լրագրողներ եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց աշխատակիցներ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ իսրայէլեան ծովուժը նաւուն ճամբորդները առաջնորդած է դէպի Աշտոտ նաւահանգիստ, որպէսզի կարենայ հարցաքննութեան ենթարկել զանոնք, որովհետեւ կասկածներ կան, թէ այդ նաւը զէնք եւ զինամթերք կը փոխադրէր դէպի Կազա։



ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ- Անձնական կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս գացած է Իրանի Իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեանը։ Այս այցելութեան ընթացքին պատգամաւոր Վարդանեան, ՀՅԴ Հանրային յարաբերութեան յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, հրապարակային զեկուցումով մը պիտի ներկայացնէ Իրանի Հայ Համայնքին վիճակը։



Ըստ Ռուսական ՝՝Նովոսթի՝՝ լրատու գործակալութեան,Ռուսիոյ փոխվարչապետ եւ ելեւմուտի նախարար Ալեքսէյ Քուտրի, Լոնտոնի մէջ բրիտանացի գործարարներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, թէ Ռուսիա Հայաստանին 500 միլիոն տոլարի կայունացման վարկ պիտի տրամադրէ՝ համաշխարհային դրամական ճգնաժամի հետեւանքները յաղթահարելու համար։ Մենք օգնելու ենք դրացի երկրներուն , որոնց հետ կ՝աշխատինք (ըսած է Քուտրի)։Այդ երկիրներու շարքին ան նշած է նաեւ Պիելոռուսիան եւ Ղըրղիզիստանը, որոնց պիտի տրամադրուի երկուքական միլիառ տոլար։



Փետրուար 5ին հրապարակուած պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, անցնող շաբաթավերջ տեղի ունեցած Իրաքի տեղական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է վարչապետ Նուրի Մալիքիի կուսակցութիւնը, որ 14 նահանգներէն 9ին մէջ առաջատարի դիրքը գրաւած է։ Վարչապետին կուսակցութիւնը Պաղտատի մէջ խլած է քուէներուն հարիւրէն 38 տոկոսը, առաջ անցնելով շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի գլխաւորած եւ սիւննի կուսակցութիւններէն։

Միւս կողմէ, հիւսիսային Իրաքի Խանաքին քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակում մը առնուազն 16 զոհեր խլած է ։ Ըստ տեղական մարմիններու, զոհերուն մեծ մասը քիւրտեր էին։ Պաղտատէն 90 մղոն հիւսիս գտնուող շրջանը քիւրտ եւ արաբ բնակչութիւն ունի։



ԱՊՀի վիճակագրութեան Գրասենեակը Չորեքշաբթի, Փետրուար 4ին հաղորդած , թէ Ատրպէյճանի բնակչութեան թիւը 8,730,000ի հասած է, մինչ 2008ի սկիզբը այդ թիւը 8,630,000 էր։ ԱՊՀի ընդհանուր բնակչութեան թիւը հասած է 281 միլիոնի։



ՊՈԼԻՍ-Պոլսոյ մէջ Էտիրնէգաբուի Հայոց Գրեզմանատան շինութեան յանձնախումբի տնօրէն Ռոմանոս Ճէզվէճեան տեղեկացուցած որ գերեզմանատան նորոգութեան աշխատանքները վերջ գտած են եւ թէ խորտակուած բոլոր գերեզմանաքարերը նոյնութեամբ վերակառուցած են առնելով իրենց նախկին դիմագիծը ։Արդարեւ

անծանօթներ մտնելով Էտիրնէգաբուի հայոց երեզմանատունէն ներս՝ խորտակած էին կարգ մը գերեզմաններու գերեզմանաքարերը։ Դէպքէն ետք Գերեզմանատան պատասխանատուները այցելած էին Գերեզմանատուներու վարչութեան պետ Ատէմ Ավճըի եւ այս դէպքէն տեղեակ պահած էին զայն։ Ատէմ Ավճը այդ առթիւ խոստացած էր, որ խորտակուած գերեզմանաքարերը ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին պիտի նորոգուէին՝ Գերեզմանը վերադարձնելով իրեն նախկին վիճակին։










All the contents on this site are copyrighted ©.