2009-02-05 14:34:24

Սպանիայի նախարարապետ Խոզէ Լուիս Ծաբաթերօ պաշտօնապէս կը հրաւիրէ Սրբազան Քահանայապետը այցելելու Ս. Յակոբի ուխտավայրը ՜՜Յակոբ առաքեալի Ս. տարւոյն առթիւ՝՝։


Սպանիnյ Եկեղեցին 2010 տարին հռչակած է որպէս Ս. Յակոբ առաքեալի տարի, այս առաթիւ Սպանիոյ նախարարապետ Խոզէ Լուիս Ծաբաթերօ, փետրուար 4-ին Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին նամակ մը յանձնած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին համար, որով՝ պաշտօնապէս կը հրաւիրէ Սրբազան Հայրը Սպանիայի Ս. Յակիոբ տէ Գամբոսդելլօ աշխարհաճանաչ ուխտավայրը այցելելու եւ մասնակցելու Ս. տարւոյն արարողութիւններուն։ կարելի է որ Քահանայապետը ընդառաջէլ սոյն հրաւէրին եւ 2011-ին դարձաեալ Սպանիա ճամբորդէ գլխաւորելու՝ երիտասարդութեան համաշախարհային հաւաքը, որ տեղի պիտի ունենայ Մատրիտ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.