2009-02-05 13:25:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի օրը վերջ գտաւ Թուրքիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Թուրքիոյ եպիսկոպոսները երկուշաբթի օրը հանդիպում ունեցան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ, որ խրախուսեց քրիստոնեայ եւ մահմտական հաւատացեալները միասնաբար գործելու խաղաղութեան ու արդարութեան համար։ Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը Անգարայի իշխանութիւններէն խնդրեց որ իրաւականօրէն ճանչնան Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ ՜՜ասիկա՝՝ Թուրքիոյ ընկերութեան բարիքին համար։

Գերապայծառ Լուիճի Բատովեզի` նախագահը Թուրքիոյ եպիսկոպոսական դասին, խօսելով Թուրքիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին ըսաւ. Թուրքիոյ կաթողիկէ հասարակութիւնը արտայայտութիւնն է զանազան ծէսերու ու յարանուանութիւններու, անոնք ժառանգորդներն են հին եկեղեցիներուն որ բնակութիւն հաստատած էին այս աշխարհամասին մէջ։ Թիւով շատ վերածուած, սակայն նշանակալից թէ պատմական անցեալին համար եւ թէ անոր աստուածաբանական ու ծիսական ժառանգութեան համար։ Գանձ մը որ պէտք է պահպանել։ Խօսելով թրքական պետութեան մասին, գերապայծառ Բատովեզին ըսաւ. թուրք կառավարութիւնը ձեւականօրէն աշխարհիկ պետութիւն մըն է, սակայն իրականութեան մէջ ներկայիս քրիստոնեաները կ՛ապրին լարուած վիճակի մէջ, մասնաւորապէս իտալացի քահանայ Սանդորոյի սպանութեամբ 2005-ին։ Քրիստոնեայ կղերին դէմ յարձակումները բազմացած են։ Մենք կը պահանջենք որ Կաթողիկէ Եկեղեցին իրաւական ճանաչում ունենայ որպէսզի կարողանանք դպրեվանք բանալ եւ պատրաստել տեղացի կղեր։ Կ՛ուզենք որ քրիստոնէութիւնը Թուրքիոյ մէջ թրքախօս ըլլայ եւ ունենայ իր լրատուողական ցանցը լաւագոյնս ճանչցնելու Եկեղեցին ու քրիստոնէութիւնը։ Անդրադառնալով Պօղոսեան յոբելեանին գերապայծառ Բատովեզին ըսաւ Պօղոսեան յոբելեանը Թուրքիոյ մէջ սատարեց համամիութեան եւ եղաւ առիթ՝ միատեղ հաւաքուելու , քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու հետ միասնաբար գիտաժողովներ կազմակերպելու ու աղօթելու եւ այդ գիտակցութիւնը ունենալու թէ նախքան կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական ըլլալը՝ մենք քրիստոնեայ ենք։

Հինգշաբթի 5 փետրուարին առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.