2009-02-05 13:45:45

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստանի վարչապետի համագործակցութեան կոչը ընդդիմութեան


Փետրուար 4ին Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, ԱԺ պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան իր մտահոգութիւնը յայտնած է ըսելով ՝՝գրեթէ ամէն օր կառավարութեան շէնքին դիմաց, հասարակութեան տարբեր հատուածներ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ պահանջելով իրենց քաղաքացիի իրաւունքները, եւ՝ Որպէս կանոն, անոնք ոստիկանութեան կողմէ բռնութիւններու կը հանդիպին. ի պատասխան Բախշեանի մտահոգութիւններուն հայրենի վարչապետը հաւաստած է, թէ իր կառավարութիւնը պիտի կիրառէ զարգացած երկիրներու փորձը։ Վարչապետը նաեւ յայտնած է, թէ կառավարութինը չի կրնար բոլոր կողմերը գոհ պահել եւ երկխօսութիւն սկսելու կոչ ուղղած է ընդդիմութեան. եւ կոչ ուղղած է ընդդիմութեան մասնակցութեան լուծելու հարցերը, քանի որ անիկա կարող է էապէս բարձրացնել յանձնաժողովին վարկանիշը հասարակութեան մէջ։



Ռոթըրի Ինթըրնէշընըլի տարեկան համագումարը՝ կը նախագահէ Դոկտ Տէր Եղիայեան

Մարտ 21ին Եորպա Լինտայի (Քալիֆորնիա) մէջ գտնուող Նիքսընի անուան նախագահական գրադարան-թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռոթըրի ինթըրնէշընըլի Քալիֆորնիա-Նեւատա շրջանին տարեկան 14րդ Խաղաղութեան համագումարը։ Այս տարուան համագումարին նիւթն է՝ ՜՜Համաշխարհայնացում մարտահրաւէրներ ու առիթներ՝՝։ Համագումարին անգամ մը եւս պիտի նախագահէ Մաշտոց քոլէճի տնօրէն դոկտ Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ այս համագումարներուն հիմը դրած էր։ Ելոյթներ պիտի ունենան Մարք Շէնեան, Ռիչըրտ Ուիլեըմզ, Րաբբի Սթիւըն Ճէյքըպզ, դոկտ Ճան Հէկլին, Նինա Խաչիկեան եւ դոկտ Հելէն Քալֆուս։

Ներկաները առիթը պիտի ունենան այցելելու թանգարանին ու գրադարանին զանազան բաժինները։



Ղարաբաղեան տագնապի լուծման չյանգելու պատճառը Պաքուն է ըսած է Բակօ Սահակեան։

Խօսելով ԼՂՀ տագնապին ու գործընթացքին լուծման չյանգելուն, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ըսած է թէ պատճառը Պաքուն է։ Ան ըսած է ՜՜Մենք երախտապարտ ենք Հայաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան շահերը բանակցութիւններուն մէջ ներկայացնելու եւ պաշտպանելու համար։ Սակայն առանց Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութեան, ղարաբաղեան տագնապը անկարելի է լուծել։ Հիմնականին մէջ բանակցութիւններու ոչ լիարժէք ձեւաչափին պատճառով է, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական դիմակայութիւնը կը ձգձգուի։ Սակայն ատիկա մեղքն է պաշտօնական Պաքուի, որուն ոչ կառուցողական դիրքորոշումին պատճառով մեր երկիրը, Ազրպէյճանի հետ տագնապի կողմ ըլլալով հանդերձ, չի մասնակցիր այդ տագնապի լուծման բանակցութիւններուն՝՝։ Միեւնոյն ժամանակ, Բակօ Սահակեան նշած է, որ ՜՜Արցախը բոլոր պայմանները ունի կայուն զարգացման համար։Անոնք ե՛ւ բնական պաշարներն են, ե՛ւ ամէնէն կարեւորը՝ մարդկային դրամագլուխը։ Մենք պիտի շարունակենք ամրապնդել մեր անկախ պետականութիւնը, զարգացնել տնտեսութիւնը, կառուցել ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութիւն՝ անընդմէջ բարձրացնելով մեր քաղաքացիներուն բարեկեցութիւնը։ Համոզուած եմ, որ մեր ժողովուրդն ու անոր պետականութիւնը խոստմնալից ապագայ ունին՝՝։

Բակօ Սահակեան նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան դիրքորոշումը բանակցութիւններու ձեւաչափին վերաբերեալ անփոփոխ մնացած է առանց Արցախի մասնակցութեան՝ իբրեւ բանակցային գործընթացի լիարժէք կողմ, ազրպէյճանական -ղարաբաղեան տագնապը չի կրնար լուծուիլ։ Այդ մէկը կը խոստովանին նաեւ միջազգային միջնորդները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները։ Ստեփանակերտը պէտք է մասնակցի բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն՝ լուծման փիլիսոփայութեան շուրջ կարծիքներու փոխանակումէն սկսեալ մինչեւ յստակ քայլերու եւ համաձայնութիւններու մշակում եւ իրագործում։ Լեռնային Ղարաբաղի համար կարելի չէ դէպի անցեալ վերադառնալ։ Արցախը ոչ մէկ պայմանով Ազրպէյճանի մաս պիտի կազմէ։

Չի կրնար կասկածի տակ առնուիլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովումը բոլոր առումներով։ Ինչ կը վերաբերի առանձին հարցերու, ըսած է Սահակեան, ապա մենք պատրաստ ենք քննարկելու զանոնք Ազրպէյճանի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.