2009-02-05 13:28:06

 Սրբազան Պապին կոչը վերջ տալու Սրի Լանքայի ընդհարումին եւ օգնութեան հասնելու զոհերուն։


Ի լուր Սրիլանքայի զինեալ ընդհարումին, որուն ընթացքին հետզհետէ կ՛աճի թիւը անմեղ զոհերուն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կոչ ըրաւ երկրի իշխանութիւններու եւ միջազգային հասարակութեան որպէսզի յարգուին մարդու իրաւունքները եւ ազատ թողուն անմեղներու տեղաշարժը։ Սրբազան Հայրը իր կոչին մէջ կը պահանջէ որ վիրաւորեալները իրաւունք ունենան խնամքի, իսկ քաղաքացիներուն ոչ միայն անվտանգութիւն երաշխաւորուի այլ գոհացում տրուի սննդառութեան ու դեղօրայքի։ Սրբազան Հայրը իր կոչը կ՛եզրափակէ իր աղերսը բարձրացնելով Մատէուի Ս. Կոյս Մարիամին, որ շատ մեծարուած է տեղւոյն հաւատացեալներէն, որպէսզի արագցնէ խաղաղութեան ու հաշտութեան օրը այդ երկրին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.