2009-02-04 12:59:21

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը իրագործեց Դիտաւան գիւղին կազատարի կառուցման ծրագիրը


Հայաստան համահայկական հիմնադրամը Դիտաւան գիւղին մէջ աւարտած է կազատարի կառուցման ծրագիրը, իսկ վարչական շէնքի վերանորոգման ու կահաւորման ծրագիրները արդէն աւարտական փուլի հասած են։ Նշենք թէ՝ Դիտաւան համայնքին մէջ հիմնադրամին ձեռնարկած ծրագիրներուն բարերարներն են արժանթինահայ Արմէն եւ Նատիա Էքսերճեանները։



Երեւան-Գնդապետ Գէորգ Մհերեան սպաննուած

Երեքշաբթի 3 Փետրուարի երեկոյեան, Երեւանի մէջ, իր տան մուտքը սպաննուած գտնուած է Հայաստանի ոստիկանութեան պետի տեղակալը՝ գնդապետ Գէորգ Մհերեան։

Ան 2008ի Յուլիսին փոխոստիկանապետ նշանակուած էր, մինչ այդ ան կը վարէր Հայաստանի նախագահի իրաւական հարցերով օգնականի պաշտօնը։ Մհերեան մահացած է գլուխէն ստացած հրազինային հարուածներէ։

Ըլլալով՝ քրէական հարց մը կը գործադրուի քննութիւն ՜՜Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ՝՝։ Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Ալիկ Սարգսեան, Ազգային անվտանգութեան վարչութեան պետը եւ գլխաւոր դատախազը գացած են դէպքին վայր տեղւոյն վրայ քննելու հարցը եւ պատճառները։



Գրիգոր Պըլտեանի ՜՜Արուեստագէտն ու իր Բնորդը՝՝ գործը։

ֆրանսահայ գրաքննադատ եւ հեղինակ դոկտ Գրիգոր Պըլտեան, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ՝ Յունուար 31, 2009ին ձեռնարկը կազմակերպուած էր գրադարանին եւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ։ Դասախօսութեան նիւթն էր ՜՜Արուեստագէտը եւ իր բնորդը՝՝՝ Լեւոն Շանթի ՜՜Կինը՝՝ վիպակին ընդմէջէն։ Պըլտեան վիպակէն ընտրած էր փոխաբերական դէպք մը, որուն մեկնաբանութիւնը ան կը սեպէ անբաւարար՝ վիպակին նիւթը եւ արուեստի բնութիւնը ամբողջական ձեւով հասկնալու համար։ Մեկնելով Վահէ Օշականի, Գրիգոր Շահինեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի քննադատութիւններէն՝ Պըլտեան պերճախօսութեամբ ներկայացուց Շանթի գործին գլխաւոր հերոսը՝ Սուրէնը, նկարչութենէ ձանձրացած նկարիչ մը՝ կը հանդիպի կնոջ մը, որուն դիմագիծը կուզէ իւղաներկով ներկայացնել եւ այս ձեւով զայն վերածել բնորդի, արուեստի միջոցաւ զայն առարկայացնել ու ներկայացնել աշխարհին իբրեւ ֆիքսիոն, իսկ ներկայացուած կինը, այսինքն՝ բնորդը, իր իւղանկարը տեսնելով, դանակի հարուածով մը զայն կը պատռէ։

Պըլտեան խօսեցաւ արուեստի սահմանումին վերաբերեալ պատկերով մը։ Ինչպէս բնորդը կը ճեղքէ իւղանկարը՝ ինքզինք անկէ անջատելու համար, իւղանկար մը նոյնպէս ճեղքուած է, անջատուած է աշխարհէն, իր չորս կողմանի շրջանակով։ Եթէ այսպէս չըլլար, նշեց ան, իւղանկարը կը շարունակուէր պատին լայնքին, կը թափանցէր փողոցը եւ արդէն կըլլար իրականութիւն։ Դասախօսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.