2009-02-04 12:57:47



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ Սպանիա կը գտնուի։ Ան հանդիպում պիտի ունենայ Սպանիոյ թագաւոր՝ Խուան Գարլոյի եւ նախարարապետ՝ Ծապաթթերոյի հետ։


Ընդառաջելով Սպանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հրրաւէրին Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ ներկայիս Սպանիայ կը գտնուի։ Իր այցելութեան առաջին օրը, չորեքշաբթի 4 փետրուարին, կը նախատեսուի հանդիպումներ երկրի արտգործ նախարարին, փոխ կառավարիչին եւ նախարարապետ՝ Ծաբաթերոյի հետ։ Հուսկ ծիրանաւորը տեսակցութիւն պիտի ունենայ Խուան Գարլօ արքային հետ։ Ճաշին, հիւրը պիտի ըլլայ թագաժառանգ ֆիլիփ իշխանին հետ։ Իսկ յետմիջօրէին Վատիկանի պետական քարտուղարը հանդիպում կ՛ունենայ ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Մարիանօ Ռախոյին հետ։ Հինգշաբթի փետրուար 5-ին Վատիկանի պետական քարտուղարը, կէսօրին, դասախօսութիւն մը պիտի տայ ՜՜մարդու իրաւունքերը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետի ուսուցումը՝՝ նիւթին մասին, մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 60- ամեակին առթիւ։ Ապա առաքելական դեսպանատան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սպանիոյ եպիսկոպոսական դասին հետ։

Վերջ գտաւ արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմնին ժողովը Վատիկան` ՜՜աւելի օգնութիւններ տրամադրել Հնդկաստանի, Ուկրանիոյ եւ Իրագի եկեղեցիներու՝՝ նիւթով։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարտինալ Սանտրիի գլխաււորութեամբ՝ արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմնին երկօրեայ ժողովը տեղի ունեցաւ հետեւեալ նիւթին մասին.՜՜ ինչպէս զօրակցիլ Հնդկաստանի արեւելեան Մալապար եւ մալանքար կարօտեալ հաւատացեալներու, ուկրանիոյ եւ Իրաքի եկեղեցիներուն՝՝։ Կարտինալ Սանտրին վերջերս հովուական այցելութիւն կատարեց Հնդկաստանի եկեղեցւոյ եւ ականատես եղաւ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքին։ Խօսելով ուկրային Եկեղեցւոյ մասին կարտինալը ժողովականներու մատնանշեց այդ եկեղեցւոյ զարթօնքը համայնավարութեան անկումէն ետք եւ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը զայն արժէքաւորելու, որովհետեւ ուկրային կաթողիկէ եկեղեցին մեծ դեր ունի կատարելիք արեւելեան եւրոպայի եկեղեցական ապագային համար։ Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմնի անդամները ուզեցին համապատասխանել իրաքցի քրիստոնեաներու պահանջքներուն, որոնց բանբերը եղան Իրաքի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ կը գտնուէին հմգամեայ կանոնական այցելութեան համար Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Մահմետականներու կատարած հալածանքը անոնց դէմ, աշխատանքի գրեթէ չգոյութիւնը եւ ազատութեան պակասը կը մղեն քրիստոնեաները գաղթի։ Ասիկա մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.