2009-02-03 14:27:17

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստան- Զուիցերացի Գործարարներու մասնակցութիւնը Ջերմուկի զարգացման գործին


Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, Յունուար 26էն մինչեւ մէկ Փետրուար Զուիցերիա կատարած՝ այցելութեան ընթացքին, ունենալով որպէս նպատակ Հայաստանի տնտեսական կապերը խորացնել, շարք մը հանդիպումներ ունեցած է այլ երկիրներու գործընկերներու հետ, քննարկելով համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող տնտեսական հսկայ ծրագիրներու առնչութեամբ, նախարար Երիցեան խօսած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին առեւտուրի նախարար շէյխա Լուպնա Ալ Քասիմիի հետ եւ Զուիցերիոյ տնտեսական կապերու բաժանմունքի ղեկավար Տորիս Լիւթարտի հետ։ Նախարար Երիցեան հրաւիրած է իր գործընկերները այցելելու Հայաստան, ուր կը նախատեսուի կազմակերպել կլոր սեղաններ՝ հայ գործարարներու եւ շահագրգռուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։



Միացեալ Նահանգներ- Նուիրատուութիւն Հայաստանի Որբերուն

Որբացած հայերու օժանդակութեան ընկերակցութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համաձայն անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 7ին մահացած’ Ռապըրթ Փօլի յիշատակին կատարուած նուիրատութիւններէն 4700 տոլար տրամադրուած է ընկերակցութեան, գումարը պիտի յատկացնէ Հայաստանի մէջ գործող 14 որբանոցներու։ 2006ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ հիմնուած Որբացած հայերու օժանդակութեան ընկերակցութիւնը զանազան մասնաճիւղեր ունի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։



Ոսկերչական Գործարարութեան ընդլայնում Քէյ ճի քէյ ընկերութեան կողմէ։

Հնդկական KGK ընկերութիւնը մտադիր է ընդլայնել Հայաստանի մէջ ոսկերչական հումքի վերամշակման գործունէութիւնը՝ զարգացնելով իր անցեալ տարուան արդէն յաջող ծրագիրը որուն շրջագիծէն ներս ներմուծուած հումքը վերամշակուած էր եւ վերջնական արդիւնք-արտադրութիւնը տեղափոխուած էր Ռուսիա՝ վաճառքի համար, այսպէս յայտնած է Հայկական զարգացման գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոպերթ Յարութիւնեան ։



Եգիպտոս- Դասախօսութիւն՝ Արամ Խաչատուրեանի մասին։

Հելիոպոլսոյ ‘’Յուսաբեր’’ ակումբի Գարագաշեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերջերս, դասախօսական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի արուեստի ընկալման եւ արժեւորման հարցերուն, մասնաւորաբար՝ անգլոսաքսոն Արեւմուտքին մէջ։

Օրուան բանախօսը, երաժշտագէտ Հայկ Աւագեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ Արամ Խաչատուրեան եղած է սիրուած, գնահատուած երաժիշտ մը՝ շեշտելով, թէ անոր ստեղծագործութիւնները մնայուն ներկայութիւն են բարձրակարգ նուագախումբերու յայտագիրներուն ընթացքին։ Բանախօսը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 1940-1970ական թուականներէն մինչեւ այս օրերուն եւ բացատրեց, թէ Ա Խաչատուրեանի արուեստի գնահատումը անգլոսաքսոն աշխարհին մէջ եղած է հակասական՝ ըստ ժամանակին եւ պարագաներուն։



Միացեալ Նահանգներ- Հերրի Գունտաքճեանի յետահայեաց ցուցահանդէսը։

Նիւ Եորքի ՜՜Սիթի՝՝ համալսարանի շրջանաւարտներու կեդրոնին մէջ 30 յունուարին բացումը կատարուեցաւ, միջազգային ճանաչման արժանացած Հերրի Գունտաքճեանի լուսանկարներու յետահայեաց ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 3 ապրիլ 2009։

Հայազգի արուեստագէտ լուսանկարիչ՝ Գունտաքճեան ծնած է Պէյրութ (Լիբանան) ան սկսած է արհեստավարժ լուսանկարչութեամբ զբաղիլ 1952-էն ի վեր երբ կ՝աշխատէր ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուող ԼՕրիան եւ անոր արաբերէն տարբերակ Ժարիտա թերթին մէջ։ 1966-ին կը միանայ Էսոշիէյթըտ փրես գործակալութեան եւ շնորհիւ իր տաղանդին 1974-ին կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի լրատուութեան գլխաւոր լուսանկարիչ-խմբագիրը։ Միջազգային այդ հեղինակաւոր կազմակերպութեան մէջ ան աշխատած է աւելի քան 40 տարի՝ հազուադէպ լուսանկարներով հարստացնելով ամենաթէժ տարածքներու լրատուութիւնները։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, նշենք անոնցմէ՝ Ուըրլտ փրես ֆոթօ եւ Մենէճինկ էտիթըրզ մրցանակները։ Լուսաբանած է պատերազմներ, երկրաշարժներ, ջրհեղեղներ եւ այլ բնական եւ արհեստական աղէտներ աշխարհի 22 երկրներէն։ Հայազգի Գունտաքճեանը կարելի է գտնել իր լուսանկարչական գործիքին հետ , այնտեղ ուր կարեւոր դէպքեր կը պատահին սկսելով՝ Ամերիկայէն Միջին Արեւելք եւ այլուր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.