2009-02-02 14:01:40

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Յետ սիւնոդոսական վաւերաթուղթի՝ պատրաստութիւն


 ՜՜Աստուծոյ խօսքը Եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մէջ՝՝ նիւթին մասին եպիսկոպոսներու սիւնոդոսին աւարտին, կազմակերպուած 2008ի հոկտեմբերին, Եպիսկոպոսական սիւնոդոսի հաւաքի 15 անդամներու խորհուրդը խորհրդաժողով գումարած էր Հռոմ յունուար 20 էն 21։

Այս առթիւ անոնք խորհրդակցեցան եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու եւ որոշեցին թղթածրար մը պատրաստել որպէսզի Քահանայապետը իր կարգին առաքելական յորդորագիր մը հրապարակէ։ Սիւնոդոսական յանձնախումբի յառաջիկայ ուսումնաժողովը նախատեսուած է յունիս 3-4։



Վատիկանը կը պատրաստուի դարձեալ մեծարել Պիոս 12-րդ Քահանայապետի տարած աշխատանքը Բ աշխարհամարտին։Արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ փետրուար 10ին համար Գասդել- Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցին մէջ։

Անցեալ հոկտեմբերին մեծարելէ ետք Պիոս ԺԲ.ին յիշատակը իր մահուան 50-րդ տարեդարձին առթիւ, փետրուար 10 –ին Վատիկանը Գասդել-Կոնտոլֆօ քահայանապետական ամառանոցին մէջ դարձեալ պիտի մեծարէ յիշատակը Պիոս ԺԲ.ին, Գասդել-Կոնտոլֆօ քահայանապետական ամառանոցին մէջ, երկրորդ աշխարհամարտին աւելի քան 10.000 հոգի ընդունուած էր, յունուար 22- 4 յունիս 1944ին, այսպէս յայտարարած է Սավերիօ Բեդրիլլօ` տնօրէնը քահանայապետական ամառանոցին։ Ան մամուլին յայտնած է թէ փետրուար 10 թուականը կը վերակոչէ 65րդ տարեդարձը անգլիացի-ամերկացի ռմբակոծումին Գասդել Կոնտոլֆոյի Բրոբականտա ֆիտէ քահանայապետական վարժարանին, 10 փետրուար 1944,որուն հետեւանքով 200-500 հոգի զոհ գացին։ Արարողութեան պիտի մասնակցին քահանայապետական ամառանոցի մէջ ապաստան գտած անհատները։ Այս 10-12 հազար ապաստանողներու մէջ կային շուրջ 3000 հրեաներ։



Ռուսիոյ նոր պատրիարքին գահակալութիւնը Մոսկուայի Ս. Փրկիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Կիւրեղ Ա Ռուսիոյ նոր պատրիարքին գահակալութիւնը Կիրակի 1 փետրուարին տեղի ունեցաւ. աւելի քան 4.000 հոգիի մասնակցութեամբ, որոնց կարգին Ռուսիոյ նախագահն ու վարչապետը, քոյր եկեղեցիներու պատուիրակութիւններ եւ հաւատացեալներ։ Աքսիոս` Արժանի է. երգով ներկաները հաստատեցին նոր պատրիարքին ընտրութիւնը։ Յայտնենք թէ համայնավարութեան անկումէն ետք Ռուսիոյ Եկեղեցին զարթօնքի շրջան մը կ՛ապրի։ Նոր պատրիարքը ճանչցուած է որպէս բաց միտք եւ դիւանագէտ անձ մը։Ան իր ընտրութենէն առաջ 3 անգամ տեսակցութիւն ունեցած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.