2009-02-02 14:00:28

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 2 Փետրուար 2009 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց Հունգարիոյ նոր դեսպանին հաւատարմագրերը։

Ապա Թուրքիոյ եպիսկոպոսական հանմահաւաք դասը` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Թուրքիոյ եպիսկոպոսական դասին մաս կը կազմէ արհիապատիւ Գէորգ Խազումեան տեղապահը Իսթանպուլի առաջնորդին

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու հետ, Նուիրեալ Անձերու 13-րդ օրուան առթիւ, որ կը զուգադիպի Տեառնընդառաջի տօնին։ Նախապէս կարտինալ Փրանգ Ռոտէ` կառավարիչը նուիրեալ անձերու ժողովին պատարագ կը մատուցէ ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հաստատէ թէ հեշտամահը թիւր լուծում մըն է տառապանքի ողբերգութեան։

Կիրակի օրը Իտալիոյ եկեղեցին վերակոչեց 31րդ օրը կեանքի պահպանումին։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին անգամ մը եւս հաստատեց թէ հեշտամահը թիւր լուծում մըն է տառապանքի ողբերգութեան։ Սրբազան Հայրը ողջունեց Իտալիոյ եպիսկոպոսներու քաջութիւնը քաջալերելով զանոնք որ բացայայտօրէն ըսեն ճշմարտութիւնը կեանքի պահպանումի վերաբերեալ, ընդգծելով թէ հեշտամահը թիւր լուծում մըն է տառապանքի ողբերգութեան, հեշտամահը անարժան եւ անվայել լուծում է մարդուն համար։ Մահը, նոյնիսկ երբ հեշտ է չի կրնար ըլլալ սիրոյ նշան, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ աւելցնելով՝ ՜՜վստահ ըլլանք թէ յաչս Աստուծոյ, տառապողին եւ անոր ընտանեկան պարագաներու արցունքը պարապի չերթար։








All the contents on this site are copyrighted ©.