2009-02-02 14:03:13

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստանի մէջ ծնող երեխաներուն թիւը 41,454


 Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ, 2008ին գրանցուած է 41 հազար 454 ծնունդ, ինչ որ 1135ով կը գերազանցէ 2007ի ցուցանիշը։ Այդ մէկը արդիւնք է կառավարութեան գործադրած Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման 2003-2015 թ ազգային ռազմավարութեան եւ Վերարտադրողական առողջութեան բարելաւման 2007-2015թ ծրագիրին։ Միւս կողմէ, 2008ի Յուլիս 1էն ի վեր գործող Ծննդօգնութեան պետական հաւաստագիր ծրագիրը առիթ կընծայէ բնակչութեան՝ ստանալու ծնունդի բժշկական եւ սննդանիւթի որակեալ եւ անվճար օգնութիւն եւ ծառայութիւն։ Անցեալ տարի առողջապահութեան նախարարութեան հաստատած 24ժամեայ թիւ 52-88-72 թէժ-գիծի սպասարկութենէն օգտուած են 4000 հեռաձայնողներ։ Այս ուղղութեամբ ծառայութիւններ կարելի է ստանալ առողջապահութեան նախարարութեան ելեկտրոնային wwwmoham կայքէջէն։



Լիբանան- Նշուեցաւ Մարաշի աղէտին 89-րդ տարելիցը Ս Պատարագով Հոգեհանգստեան պաշտօնով։

Մարաշի աղէտին 89-րդ տարելիցին առիթով յիշատակի պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նոր Մարաշի Հայ կաթողիկէ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ, Հայ առաքելական Ս Քառասնից Մանկանց ու հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։



Իտալիա- Հռոմի Մէջ Այգի Մը՝ Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հռոմի քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնախումբը ընդունած է որոշում մը, որուն համաձայն Յաւիտենական քաղաքի Բորթուենսէ այգին պիտի ձօնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Բացման օրը տակաւին չէ որոշուած. սակայն Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդը ամէն ջանք կը թափէ որպէսզի բացումը տեղի ունենայ Ապրիլ ամսոյն մէջ։

20րդ դարու Առաջին ցեղասպանութեան ուղղութեամբ արդարութեան ճանաչումը, ըստ Հռոմի քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնախումբին, յոյժ կարեւոր է Հռոմի մէջ ապրող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն համար։



Աւստարալիա- Հայազգի Սարգիս Ետելեան պարգեւատրուած։

Աւստարալիոյ օրուան առիթով, 26 Յունուար 2009-ին, Ռայտ քաղաքին քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետելեան արժանացած է երկրին բարձրագոյն շքանշաններէն մէկը համարուող Order of Australia Medal-ին, բազմամշակութային համարկումի նախաձեռնութիւններու նպաստելուն եւ զանոնք զարգացնելու միջոցաւ հայ համայնքին եւ տեղական կառավարութեան մատուցած սպասարկութեանց համար։ Այս առթիւ մեծարեալը ըսած է ՜՜ Խոնարհութեամբ եւ հպարտութեամբ կը ստանամ սոյն շքանշանը։ Այս երկիրը լաւագոյն առիթները ընծայած է եւ կը շարունակէ ընծայել անոնց, որոնք կը փափաքին բարեկեցութեան կողքին, զարգացնել իրենց ազգային ինքութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը։ Սոյն շքանշանը կը պարտիմ նաեւ ընտանիքիս, ընկերներուս եւ համայնքիս՝՝։

Ետելեան որ ներկայիս Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետի պաշտօնը ստանձնած է 2004ին (առաջին անգամ) քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր եւ 2008ին ալ վերնըտրուած ։ 1979ին Ետելեան՝ Լիբանանէն Աւստրալիա գաղթած է. ան բեղուն գործունէութիւն ունեցած է թէ՛ Աւստրալիոյ հայկական համայնքին եւ թէ տեղական քաղաքական կեանքին մէջ։ Հայկական մամուլին, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի յայտագիրներուն մէջ իր ունեցած ներդրումներուն կողքին, ան գործօն անդամ մըն է նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին։

Հոս տեղին է յիշեցնել թէ՝ 2005ին, Ետելեանի նախաձեռնութեամբ է որ Ռայտ քաղաքը վաւերացուց էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը, ուր նաեւ կոչ կըլլայ Աւստրալիոյ կառավարութեան, որ նման բանաձեւ մը վաւերացնէ։ Ռայտ քաղաքին վաւերացուցած այս բանաձեւէն ետք, քաղաքին զբօսայգիներէն մէկուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան մը զետեղուեցաւ։ նախաձեռնութեամբ Ետելեանի, (2005)ին Ռայտ քաղաքին մէջ հաստատուեցաւ Ռայտ բազմամշակութային կեդրոնը ուր կարեւոր ներկայութիւն են Ռայտ քաղաքին հայ բնակիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.