2009-02-02 12:40:34

Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Սամանթա Փաուըր Սպիտակ Տան Մէջ Բարձրաստիճան Պաշտօնի Մը Կը Բերուի։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման զօրակցող Սամանթա Փաուըրը բերաւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր պաշտօնի մը ։ Օպամա Փաուըրը նշանակած է Ամերիկայի Ազգային ապահովութեան խորհուրդին մէջ բազմակողմանի հարցերու աւագ ղեկավար։ Սամանթա Փաուըր մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտ է։ Ան ներկայիս Հարվըրտ համալսարանի Քենետի կառավարման դպրոցին մէջ կը դասախօսէ ։ Անոր Է ՝՝Փրապլըմ Ֆրամ Հել՝՝ գիրքը՝( որ կանդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ) տիրացած է մեծ վարկ վայելող ՝՝Փուլիցըր՝՝ մրցանակին։ Թրքական Հիւրրիյէթ օրաթերթը նշելէ ետք, որ ՝՝Սի. Այ .Էյի.՝՝ նոր նշանակուած ղեկավար ծագումով իտալացի Լէոն Փանեթա եւս կը զօրակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, կը յայտնէ, որ Օպամայի վարչակազմը պատմութեան մէջ ամէնէն հայամէտ ամերիկեան վարչակազմն է։



Մինչ Էրտողան Կ՝ըսէ որ Պաղեստին Բացօթեայ Բանտ Մըն է Ցիփի Լիվնի ՝՝Թուրքիա Վերատեսութեան Պէտք է Ենթարկէ Համասի Եւ Իրանի հետ Իր Կապերը՝՝ կը շեշտէ....

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնի կիրակի օր յայտնեց, որ Անգարա պատասխանատուութիւնը ունի Համասի հետ իր յարաբերութեան մէջ խստութիւն ցուցաբերելու։ Լիվնի Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ, թէ պէտք է վերյիշել, որ Համասի իշխանութեան տիրանալէն ետք Թուրքիա առաջին երկիրն էր, որ այդ շարժումին ղեկավարները հրաւիրեց. Ան ըսաւ, թէ մենք Թուրքիոյ հետ ռազմավարական կարեւոր յարաբերութիւններ ունինք, ահա թէ ինչու հակառակ ցոյցերուն, հակառակ Կազայէն սփռուող դժուար պատկերներուն կակնկալեմ, որ Թուրքիա Իսրայէլի նկատմամբ յարգանք ցուցաբերէ։



ԵՐԵՒԱՆ- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան, երէկ, կառավարութեան առջեւ իր հաշուետուութեան ընթացքին յայտնած, որ 2008 Յունուար 1ի դրութեամբ հանրապետութեան տարածքին կալանաւորուածներու եւ դատապարտեալներու թիւը կը կազմէր 3539 հոգի, իսկ 2009 Յունուար 1ին, այդ թիւը բարձրացած է 3965ի։



Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հրէական Ողջակիզումին միջեւ շօշափելի կապ մըն է 1915ին Էրզրումի մօտ Գերմանիոյ հիւպատոս Մաքս Վոն Շէօպըր-Ռիխթըր, որ հետագային Նացիական կուսակցութեան հիմնադիրներէն եղած է։Ան Հիթլերի ամէնէն վստահելի եւ յարգանք վայելող գործընկերներէն էր եւ անոր կողմէ անփոխարինելի նկատուած էր։ Հիթլերի հետ այս անձնական կապը ,պատճառ դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Հիթլերի տեղեակ ըլլալուն, եւ այդ տեղեկութեան՝ հրեաներու Ողջակիզումի կազմակերպման վրայ ունեցած ազդեցութեան տարողութեան մասին, ենթադրութիւններու դուռ բացած է։ 2009ին Կոմիտաս հիմնարկին կողմէ հրատարակուած ՝՝Գերմանացի սպայ մը Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին.Մաքս Վոն Շէօպըր-Ռիխթըրի կենսագրութիւնը՝՝ գերմաներէն գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը (153 էջ), Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզումին միջեւ առնչութիւններուն մասին իւրայատուկ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ։



Տնտեսութիւնը 38 Տոկոսով Նահանջած Է 2008ի Վերջին Եռամսեակին։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ -Վերջին 25 տարիներու ընթացքին մէկ եռամսեակի ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու տնտեսական մեծագոյն նահանջը արձանագրուած է 2008ի վերջին եռամսեակին։ Արդարեւ, առեւտուրի նախարարութիւնը Յունուար 30ին հաղորդած, թէ նահանջը հարիւրէն 3,8 տոկոս եղած է, ինչ որ տնտեսագէտներու կողմէ ակնկալուած հարիւրէն 5 տոկոսէն աւելի լաւ տուեալ մըն էր։ Սակայն, տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ այս տարուան Յունուար-Մարտ ամիսները կրնան աւելի վատ նահանջ մը տեսնել, բայց միաժամանակ անոնք յոյս կը յայտնեն, որ անկէ ետք աստիճանական բարելաւում կակնկալուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.