2009-02-01 14:14:15

Վատիկան պետութիւնը կը տօնախմբէ իր ստեղծումին 80ամեակը, յառաջիկայ փետրուար 11-ին, փոքրիկ հողամաս մը մեծ առաքելութեան մը համար։


Վատիկան պետութիւնը կը տօնախմբէ իր ստեղծումին 80ամեակը, յառաջիկայ փետրուար 11-ին, փոքրիկ հողամաս մը մեծ առաքելութեան մը համար։



Պիոս ԺԱ Քահայանապետը վատիկանը սահամնած է որպէս փոքր պետութիւն մը մեծ առաքելութեան մը համար։ Արդարեւ յառաջիկայ փետրուար 11-ին պիտի տօնախմբէ իր ստեղծումին 80ամեակը։

Այս առթիւ Ս. Աթոռը կը նախատեսէ կազմակերպել ցուցահանդէս մը եւ գիտաժողով, վերակոչելու այս փոքրիկ պետութեան պատմութիւնը, որ ծնունդ առաւ 1929ին Լատերանեան համաձայնագրին ստորագրութեամբ ձեռամբ կարտինալ Պետրոս Կասպառիի եւ մենատէր իտալացի Պենիդօ Մուսոլինիի։

Այդ առթիւ Պիոս ԺԱ Քահայանապետը Հռոմի կղերին ուղղած ճառով ըսաւ երկար խորհրդածելէ ու աղօթելէ ետք յօժարեցայ ազատօրէն ընդունիլ հողամաս մը այնքան որքան կարեւոր է ինքնավարութիւն մը ապահովել Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երաշախւորելու։

Յայտնենք թէ ցուցահանդէսը պիտի երկարի փետրուար 12էն մայիս 10 2009, ունենալով որպէս բնաբան 1929-2009, 80ամեակ Վատիկանի պետութեան։



Պաղտատ-Իրաք։ Պաղտատի ոստիկանական ակադեմիայի մէջ կիներու վերապահուած առաջին դասընթացքի աւարտին՝490 կին ոստիկաններ կատարեցին երդումը հաւատարմութեան՝իրենց Երկրին, ի ներկայութեան Իրաքի Ներքին Գործոց Նախարար Ճավատ Ալ Պոլանի։ Այս նոր կին ոստիկանները (ինչպէս որ ընդգծեց նոյնիքն Պոլանի) պիտի ծառայեն Նախարարութեան բոլոր բաժիններու մէջ. ՝՝քաղաքային պաշտպանութեան, ճանապարհային ոստիկանութեան,գաղտնի սպասարկութեանց բաժանմուքներէ՝՝ ներս,ինչպէս նաեւ անոնք պիտի բերեն իրենց օժանդակութիւնը ընտրատեղամսերու ապահովութեան գործին, երբ 31 Յունուարին Իրաքցիները քուէատուփ պիտի երթան վարչական ընտրութիւններու համար։ 490 Իրաքցի կին ոստիկաններու երդման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Իրաքի Իգական Գործոց Նախարարը Նավալ ալ Սամմարայի,որու համաձայն իրաքցի կիներու ենթարկուած զրկումները Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի տարիներուն,պատճառներէն մին է Երկրի յապաղումին միջազգային գետնի վրայ,իսկ այժմ ՝՝կիներու մասնակցութիւնը ոստիկանական այս դժուարին մարզէն ներս կը ներկայացնէ ժողովրդավարութեան ճանապարհի վրայ առնուած յառաջ քայլ մը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.