2009-02-01 14:14:35

Լուրեր հայ աշխարհէն


 Նոր հրատարակութիւններ Յակոբ Պալեանի Գրական արձագանգներ հատորը

Լոյս տեսած է սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական, հրապարակագիր եւ գրող Յակոբ Պալեանի Գրական արձագանգներ անուն հրատարակութիւնը որը հեղինակին ԺԲ գիրքն է ։ Նախորդներէն հիմնովին տարբեր հատոր մը, որուն Գիրքեր, դէմքեր, հարցեր ենթախորագիրը առաջին իսկ ակնթարթէն կը թելադրէ ընթերցողին, թէ հրաւիրուած է մասնակից դառնալու գրական խրախճանքի մը՝ ազգային, հայրենական ու սփիւռքեան հիմնահարցերէ եւ տագնապներէ ծնունդ առած հեղինակին տեսակէտներուն հետ երկխօսութիւն հաստատելու փոխարէն։ Ան հայ ժողովուրդի հիմնահարցերը կը դրսեւորէ որպէս փաստը տագնապահար մտաւորականի իր խոր գիտակցութեան։



Սփիւռքի նախարարի հանդիպումը Մակի փախստականներու հարցերու ներկայացուցիչին հետ

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Մակի փախստականներու հարցերով հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Պուշրա Հելիփոթա աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած են քննարկելու կազմակերպութեան գործունէութիւնը, յատկապէս Իրաքահայերու հարցերը քանի որ (2003էն ի վեր՝ Իրաքէն (շուրջ 1000) փախստականներ եկած են Հայաստան)։ Այս գաղթականներուն մեծամասնութիւնը եկած է Իրաքի քրտաբնակ վայրերէն են՝ Մոսուլ, Պասրա։ Նկատառելի թիւ են նաեւ պաղտատաբնակները։ Նախարար Յակոբեան նշած է, թէ անհրաժեշտ է կազմել եւ իրականացնել այնպիսի ծրագիրներ, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել փախստականներուն ապաստանով ապահովելու, անոնց տան վարձավճարներու, ուսման, բուժման, ծերունական թոշակներու եւ ամենակարեւորը՝ աշխատանքով ապահովելու խնդիրները։ Հելիփոթա իր կարգին նշած է, որ 2008 ին կազմակերպութիւնը (UNHCR-ը) մէկ միլիոն տոլար ստացած է այս խնդիրները կարգաւորելու նպատակով։ Գումարին մեծ մասը ծախսուած է Դարփենիկ գիւղին եւ Երեւանի Նոր նորք համայնքին մէջ բնակելի տուներու վերանորոգման համար։ Այդ տուները այս տարուան Փետրուար 1ին, ոչ սեփականութեան իրաւունքով պիտի տրամադրուին առաւել կարիքաւոր իրաքահայերուն։ 96 հազար տոլար, իբրեւ վարկ տրամադրուած է լաւագոյն գործի առաջարկ ներկայացուցած վերաբնակներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.