2009-02-01 14:14:55

28 Յունուարին(2009) յիշատակեցինք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Մահուն 90րդ Տարելիցը։ Մօտէն ծանօթանանք Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչի Կենսագրականին։


Իննիսուն տարի առաջ ճիշդ, 29 Յունուար 1919ին, Երեւանի իր բնակարանին մէջ, մարմնապէս լրիւ հիւծած ու անկողնին գամուած, բոցավառ աչքերը առյաւէտկը փակէր Արամ Մանուկեան, Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու Հայոց Պետականութեան վերականգնման հիմնադիրը։ Արամ Մանուկեան հայ յեղափոխականի կարճատեւ կեանք ունեցաւ, հազիւ յիսուն տարեկանին հեռացաւ մեր աշխարհէն, բայց իր անունին կապեց այնպիսի՛ մեծագործութիւն, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաւոր աստղերու ամէնէն ճառաայթողը։

Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյվա իւղը։ Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու խնդիր չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու սիրտը։

1901ին, արդէն Դաշնակցութեան անդամագըրւած, Արամ կ՝ուղարկուի Բագու, ուր կը լծուի հայ պանդուխտ բանուորներու ազային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքի՝ իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով։ Բայց Բագուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն կը նախընտրէ իր մօտ պահել գաղափարական խոր հաոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։

Ի վերջոյ 1903ին Արամ կը յաջողի անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով, բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները դարձեալ կը նախընտրեն իրենց մօտ պահել մարդիկ իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով առանձնացող երիտասարդ այս գործչին։ Արամ միայն տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը բարձրակէտի առաջնորդեց՝ Կարսի Սերգէյի հռչակով։

Արամի սիրտը Երկրին կապուած էր, սակայն։ 1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամի, որ անցնի Վան եւ հոնկէ Սասուն, բայց հասկնալիօրէն Վանը ամրօրէն փարեցաւ արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։ Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային-քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։ Սկզբնապէս ՝՝պարոն Արամ՝՝ ճանչցուեցաւ եւ եկուոր նկատուեցաւ վանեցիներուն կողմէ՝ դաշնակցական ըլլան անոնք թէ արմենական։ Բայց ժամանակը շատ արագ վանեցիներու հարազատն ու առաջնորդը դարձուց ողջ էութեամբ Դաշնակցութեան հետ միաձուլուած այս գործիչին։ Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան-Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ ՝՝պարոն Արամ՝՝ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։

Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով նայեցան Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ ՝՝Փաշա՝՝ անուանեց զայն։ Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ օսմանցիներէն իր անկախութիւնը նուաճած Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան։

Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։

1917ի իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 1919ի իր թոքախտով հիւծումն ու մահը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։ Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուած է Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։ Պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը ՝՝Դիկտատոր՝՝ կարգեց Արամին եւ անոր վստահուեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։

Կենսագիրներու միահամուռ վկայութեամբ՝ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չտանէր Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան մեր ժողովուրդին ազգային-հասարակական ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ ասպարէզ բացուած էր եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։ Այդ նկատառումով ալ ստանձնած էր Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ Ներքին Գործոց Նախարարի պատասխանատուութիւնը ։Բայց ճակատագիրը ընդհատեց անոր կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը։








All the contents on this site are copyrighted ©.