2009-01-31 13:56:01

Կիրակնօրեայ Աւետարանի Մեկնութիւն

Կիրակի 1 Փետրուար 2009- Տեառնընդառաջ (Ղուկաս Բ. 22-38)


Հայերս սովորութիւն ունինք երբ մանուկ մը ծնի, զայն քառասունքէն հանելու, որ կը նշանակէ 40 օր վերջ իր ծնունդէն` զայն եկեղեցի բերելու եւ վարդապետի մը օրհնութիւնը առնելու։ Այս բարի սովորութիւնը Քրիստոսի այս տօնին յաւերժացումն է մեր երկրի աւանդութիւններուն մէջ։ Սակայն ուշադիր, քառասունքէ հանել չի նշանակեր մկրտել, այլ պարզապէս կիրարկել այն հրէական օրէնքը որ գոյութիւն ունէր Յիսուսի ապրած շրջանին, ապահովելով գէթ օրհնութիւն մը մանկան վրայ։

Տեառնընդառաջի այս տօնը մեզ արդէն 40 օր կը հեռացնէ Սուրբ Ծննդեան տօնէն. Արդեօք այս օրերուն` կարողացա՞նք իրագործել Ծնունդի առթիւ մեր առած առաջադրութիւնները. Մեր խղճին քննութեան առիթ մըն է ահա. Նոյնիսկ եթէ այդ քննութեան արդիւնքները շատ դրական չեն, կարելի է զանոնք վերանորոգելու եւ մինչեւ Մեծ Պահքի սկիզբը – այսինքն մինչեւ տակաւին 3 շաբաթ - կիրարկել։

Յիսուսի Մայրը` Մարիամ եւ իր երկրաւոր հայրը` Յովսէփ, անտեղեակ են բոլորովին դէպքին որ կը սպասէ իրենց Երուսաղէմի Տաճարին մէջ։ Անոնք կը կատարեն իրենց աւանդական պարտականութիւնը, նուիրելով իրենց անդրանիկ որդին Տիրոջ. Սակայն զինք չեն յանձներ բոլորովին տաճարին, որովհետեւ իր փրկագինը կու տան տաճարին (երկու աղաւնիներ) եւ զինք ետ կը բերեն տուն։

Աղաւնին կ՛ըլլայ փրկագինը Յիսուսի. Յետագային` աղաւնի մը պիտի ըլլայ որ մկրտութեան ատեն իր վրայ պիտի գայ եւ պատկերացնէ Սուրբ Երրորդութեան երրորդ անձը` Սուրբ Հոգին։ Աղաւնիի այս ներկայութիւնը Քրիստոսի կեանքին մէջ կը դարձնէ այս թռչունը խորհրդանիշ մը, մասնաւորապէս մկրտութեան եւ հոգեւոր դրոշմի ամէն մարդու սրտին մէջ։ Անով է որ կը ստանանք յատուկ շնորհք մը Աստուծմէ որ կը լուսաւորէ մեզ եւ ուժ կու տայ ապրելու քրիստոնէական կեանքը այս աշխարհի վրայ։

Սիմէոն Ծերունին կ՛առնէ մանուկը իր գրկին մէջ, մարգարէական ակնարկ մը կը նետէ անոր վրայ եւ կը հասկնայ թէ այս փոքրիկը, որ այժմ իր ձեռքերուն մէջ կը սեղմէ պիտի հանդիսանայ այն անձը, սպասուած դարերէ ի վեր ժողովուրդին կողմէ, որ պիտի պարգեւէ փրկութիւն Իսրայէլի ժողովուրդին. Ան է Մեսիան որուն կը սպասէր բոլոր ժողովուրդը, եւ անոր տեսքը զինք կը մխիթարէ, որովհետեւ Տէրը յարգեց իր խոստումը եւ ղրկեց աշխարհ խոստացուած փրկիչը։ Ինք կրնայ այլեւս հանգիստ սրտով մեռնիլ, որովհետեւ իր աչքերը տեսան լոյսը. Այդ հզօր լոյսը պիտի լուսաւորէ ոչ միայն Հրէայ ժողովուրդը, այլ նաեւ բոլոր հեթանոսներն ալ։ Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար ղրկուած է Մեսիան, օծուածը, թագաւորը, փրկիչը։

Սիմէոն կը գուշակէ նաեւ թէ անոր քարոզութիւնը պիտի չընդունուի կարգ մը անձերէ. Ուստի եթէ ոմանց համար անոր գալուստը պատճառ պիտի հանդիսանայ փրկութեան, ուրիշներու համար` դժբախտաբար ան պատճառ պիտի ըլլայ դատապարտութեան։ Բայց ուշադիր, Քրիստոս չէ դատապարտողը, այլ այն անձը որ կը մերժէ ընդունիլ անոր պատգամը, ան է որ ինքզինք կը դատապարտէ յաւիտեան։

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, Քրիստոսի այս տօնին առթիւ, մենք ալ կատարենք Տեառնընդառաջը, այսինքն ելլենք ընդ առաջ մեր Տիրոջ. Մեզի պիտի բաժնուին մոմեր, յիշելու համար որ Քրիստոս լոյսն է աշխարհի. Տանինք այս լոյսը մեր տուները, որպէսզի անով միշտ լուսաւորուած մնանք Տիրոջ հաւատքով. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.