2009-01-31 13:47:15

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


ՎԱՏԻԿԱՆ- ՝՝Մտահոգ բայց միաժամանակ հաստատակամ չկասեցնելու երկխօսութիւնը՝՝. այս հոգեվիճակով է որ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը կարտինալ Վալթէր Գասբէր կը հետեւի յեղաշրջումներուն որոնք կը յայտնուին՝ Անկլիքան Հասարակութենէն։

Յառաջիկայ Փետրուարի 9էն-13կայանալիք Անգլիոյ Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Սիւնոդհոսին արդարեւ պիտի ներկայացուին շարք մը դրական առաջարկներ որոնք կարելի պիտի դարձնեն անկլիքաներու ներքին հակաճառութիւնները լուծելու մասնաւորապէս այն ինչ որ կը հայի կիներու եպիսկոպոս անուանումին,՝՝անուանում՝՝ որ հարցեր կը յարուցանէ կաթողիկէներուն։ ՝՝Անկլիքաններու հետ երկխօսութիւնը (կ՝ըսէ Կարտինալ Գասբէր)շատ լաւ ընթացաւ,եւ յառաջացած է եւ այժմ կ՝ապրինք դժուար շրջան մը։Կիներու Եպիսկոպոսութեան ձեռնադրութիւնը հարցեր կը ստեղծէ նաեւ անկլիքանութենէ ներս,ուր կան պառակտումներ եւ բաժանումներ որ չեն դիւրացնէր երկխօսութիւնը։Ուստի մտահոգ ենք (ըսած է Կարտինալ Վալթէր Գասբէր) բայց ճիշդ ասոր համար վճռակամ չկասեցնելու երկխօսութիւնը Անկլիքան Եկեղեցւոյ հետ։ Մեր յարաբերութիւնը Գէնթըրպէրիի Արքեպիսկոպոս Ռովան Վիլլիամսի հետ շատ լաւ է (ընդգծած է նաեւ Կարտինալը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.