2009-01-31 12:23:51

Ակնարկ Մը.... Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը.... Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Նախանցեալ երեկոյեան, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան տեսակցած են Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի շրջագիծին մէջ։ Սերժ Սարգսեան եւ Ռ. Թայիփ Էրտողան դրական նկա տած են իրենց առաջին հանդիպման արդիւնքները եւ յանձնարարած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ՝՝լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու՝՝՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ ՝՝Սի Էն Էն Թիւրք՝՝ պատկերասփիւռի թրքական կայանը տեղեկացուցած , որ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը տեւած է մօտ 20 վայրկեան։ Երէկ աւելի ուշ Տաւոսի համախմբումի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած է քննարկում մը, որուն օրակարգին վրայ ՝՝Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութիւնը՝՝ կը գտնուէր։ Բանախօսներու շարքին էին Թուրքիոյ վարչապետը, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Իրանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Մանուշեհր Մոթթաքի եւ Էդուարդ Նալբանդեան։



Թուրքիոյ վարչապետը Տավոսի Տնտեսական Համաշխարհային համագումարին զայրացնող նշանաւոր Զրոյց-ի Վարիչը ծագումով Հայ Լրագրող Տէյվիտ Իկնէյշըսն Էր. Տաւոսի տնտեսական հաւաքը Հինգշաբթի, Յունուար 29ի երեկոյեան աւարտեցաւ Թուրքիոյ համար գայթակղեցուցիչ նիստով մը, որովհետեւ նման պատահարներ հազուադէպ են միջազգային համագումարներու ընթացքին։ Արդարեւ, հրապարակային վերջին զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա, խստօրէն զայրացուց վարչապետ Էրտողանը, նախ, որովհետեւ Շիմոն Փերեզ խստօրէն դատապարտեց Կազայի հարցով Իսրայէլը քննադատողները (որոնց առաջին շարքին վրայ կը գտնուէր նոյնինքն Էրտողան),եւ ապա՝ սահմնուած ժամանակէն աւելի երկար խօսելով , իսկ հայազգի հանդիսավարը՝ Տէյվիտ Իկնէյշըս, առիթ չէր տար , որ Էրտողան պատասխանէ Բերեզին։ Թրքական թերթերը շեշտած են, թէ զրոյցին հանդիսավարը՝ Ուաշինկթըն Փոսթ թերթի յօդուածագիրներէն Տէյվիտ Իկնէյշըս, հայկական ծագում ունի, եւ զաւակն է Թուրքիայէն Ամերիկա գաղթած հայ ընտանիքի մը։ Այդ պատճառաւ, ան լաւ կը ճանչնայ Թուրքիան, թուրքերն ու վարչապետ Էրտողանը։ Ան նաեւ հեղինակն է վէպի մը՝՝ Body of Lies՝՝ ։ Ան յաճախ, պարբերաբար քննադատած է Էրտողանի Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւորած կառավարութիւնը, պնդելով, որ Թուրքիոյ այսօրուան քաղաքականութիւնը կը նմանի ՝՝Օսմանեան քաղաքականութեան՝՝։ Միւս կողմէ նշենք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին Միջին Արեւելեան պատուիրակ Ճորճ Միչըլի Ուրբաթ օրուայ Թուրքիա նախատեսուած այցելութիւնը յետաձգուած է ,լուրը տուած է Անգարայի Ամերիկեան Դեսպանատան բանբերը։

ՊԱՔՈՒ-Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ Ուրբաթ, Յունուար 30ին Մոսկուա մեկնած է՝ հանդիպում մը ունենալու համար Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Անաթոլի Սերտիւքովի հետ։ Քննուելիք գլխաւոր նիւթերէն մէկն է Ատրպէյճանի այն ամբաստանութիւնը, թէ Ռուսիա Հայաստանին տրամադրած է 800 միլիոն տոլար արժող զէնք ու զինամթերք։ Մոսկուա քանի մը առիթներով հերքած էր այդ պնդումները։



ՊՈԼԻՍ- ՝՝Մարմարա՝՝ օրաթերթէն կը տեղեկանանք թէ Հինշաբթի, Յունուար 29ին, մառախուղի պատճառով, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ յետաձգուեած են բոլոր թռիչքները։ Նոյն պատճառով ալ, Սթրասպուրկէն ճամբայ ելած չեխական օդանաւ մը, որուն ճամբորդներուն մէջ կային ԵԱՀԿի ժողովին մասնակցած հայ դիւանագէտներ, չէ կրցած Զուարթնոց օդակայան վայրէջք կատարել եւ այդ պատճառով ուղղուած է Թուրքիա, իջնելով Տրապիզոնի օդակայանը։ Օդանաւը միայն գիշերուան ժամերուն կրցած է Տրապիզոնէն վերադառնալ Երեւան։








All the contents on this site are copyrighted ©.