2009-01-30 13:20:48

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ ի շնորհաւորութիւնը Ասորի Նոր Պատրիարքին


Լիբանան- Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ, 29 Յունուար 2009ին այցելութիւն մը տուաւ Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքարան շնորհաւորելու համար Ասորի Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքը՝ Ամեն. Մար Իղնաթիոս ԵուսէՖ Գ Եունան, որ նախապէս Հիւսիսային Ամերիկայի Ասորի Կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչն էր։ Ան կը յաջորդէ Մար Իղնաթիոս Պութրոս Ը Ապտըլ Ահատ-ի, որ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր շուրջ մէկ տարի առաջ։ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կընկերակցէին Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի Վարդան եպս Աշգարեան եւ Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի Յովհաննէս եպս Թէյրուզեան։ Ամեն Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ Ասորի Կաթողիկէ համայնքը եւ կը մաղթէ բարգաւաճում նոր Պատրիարքի օրով։



Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Իրէն Մարիա Փլանքը

Երեքշաբթի, 27 յունուարին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց ամեն. եւ գերջ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Իրէն Մարիա Փլանքը, որուն կընկերակցէր դեսպանատան առաջին խորհրդատու Մայքլ Օհնմաշ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ Արհի. Վարդան եպս Աշգարեան։

Շուրջ մէկ ժամ տեւած ծանօթացման հանդիպումին ընթացքին, հոգեւոր տէրը դեսպանին հետ քննարկեց լեզուներու մշակութային արժէքը՝ կարեւոր նկատելով լեզուի դերակատարութիւնը միջմշակութային յարաբերութիւններու զարգացման մէջ։

Հոգեւոր տէրը ընդառաջելով հիւրերու հետաքրքրութեան՝ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ կաթողիկէ համայնքին մասին ընդհանրապէս եւ լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքին մասին մասնաւորաբար, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Զմմառու դարաւոր վանքին մասին։

Իր կարգին, դեսպանը խօսեցաւ դիւանագիտական մարզին մէջ իր փորձառութիւններուն մասին, իսկ Մայքլ Օհնմաշ անդրադարձաւ Գերմանիոյ պատմութեան եւ աշխարհաքաղաքական դիրքին։

Հանդիպման աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց նոր նշանակուած դեսպանը, յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ հրաւիրեց հիւրերը այցելելու Զմմառու վանք։



Միացեալ Նահանգներ- Քարտաշեանի եւ Լեմքինի նուիրուած՝ Հատորներու ներկայացում Կլէնտէյլի մէջ։

Կազմակերպութեամբ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի բարեկամներուն, Center for Armenian Remembrance հիմնարկին ու Կլէնտէյլի հրէական Սայնայ տաճարին 22 Յունուարին Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը որուն ընթացքին հանրութեան ներկայացուեցան եւ քննարկումի նիւթ դարձան ՜՜Ամերիկայի մէջ հայկական քաղաքական գործունէութեան հիմնադիր Վահան Քարտաշեանի ու ցեղասպանութիւն բառը հաստատած Ռաֆայէլ Լեմքինի մասին Center for Armenian Remembrance հիմնարկին հրատարակած երկու հատորները՝՝։

Ելոյթ ունեցաւ նախ՝ Իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեան, որ խօսեցաւ Վահան Քարտաշեանի (1883-1934) իրագործումներուն մասին, յիշեցնելով, թէ ան գրեթէ առանձնաբար կրցած էր համոզել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, որ չվաւերացնէ հայութեան պատմական իրաւունքները ոտնակոխած Լօզանի դաշնագիրը իսկ փրոֆ Մայքըլ Պազիլէր ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի շարքին հինգերորդ հանդիսացող հատորը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Ռաֆայէլ Լեմքինի թղթածրարը (Raphael Lemkins Dossier on the Armenian Genocide շեշտելով թէ՝ Լեմքին (1900-1951) 20րդ դարու ամենաազդեցիկ ու կարող իրաւաբաններէն ու մարդկային իրաւանց պաշտպաններէն մէկն էր։ Ան նշեց, թէ Լեմքին ոչ միայն ցեղասպանութիւն բառը ներկայացուց աշխարհին, այլեւ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտին (1948) վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ։ Պազիլէր յիշեցուց, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնն էր Լեմքինի այս արշաւին գլխաւոր մղիչ ուժը եւ եզրակացուց ըսելով, թէ Լեմքին միշտ պիտի յիշուի իր այս կարեւոր իրագործումներուն համար։

Ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի աշխոյժ փոխանակում մը ներկաներուն եւ բանախօսներուն միջեւ։



Պետական Մակարդակով Պիտի Նշուի Արթուր Մկրտչեանի 50Ամեակը

Յառաջիկայ Փետրուար 16ին կամբողջանայ Ղարաբաղի Գերագոյն խորհրուդի առաջին նախագահ՝ Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան 50ամեակը։ Անկախ Ղարաբաղի առաջին ղեկավարին կեանքը ողբերգականօրէն ընդհատուած էր 1992ի Ապրիլ 14ին, դաւաճանի մը գնդակով։ Անոր մահուան հանգամանքները հասարակութեան յայտնի չդարձան, սակայն մարդոց յուշերուն մէջ ան մնաց իբրեւ հայրենասիրութեան, բարոյականութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ։

Յոբելեանը նշելու նպատակով, կառավարութիւնը Յունուար 30ի նիստին ընթացքին որոշեց ստեղծել կառավարական յանձնախումբ մը՝ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարին գլխաւորութեամբ յանձնախումբը հնգօրեայ ժամանակամիջոցի մէջ պիտի մշակէ եւ հաստատէ ծրագիրը՝ Արթուր Մկրտչեանի 50ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.