2009-01-29 13:48:27

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի քառասնորդացի պատգամի ներկայացում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2009ի քառասնորդացի պատգամին բմաբանը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանէն Չորրորդ գլուխի՝ երկրորդ համարէն. Յիսուս քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահեց եւ անօթեցաւ։ Քահանայապետի պատգամը մամուլին պիտի ներկայացուի յառաջիկայ փետրուար 3ին, կը հաղորդէ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը։ Ներկայացումը պիտի կատարեն. կարտ. Փոլ Ժոզէֆ Քորտէս` նախագահը Մէկ Սիրտ կոչուած բարեսիրական մարմնին եւ տիկին Ժոզէթ Շիրան տնօրէնուհին՝ ՄԱԿի սնունդի համաշխարհային յայտագրին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդէպ ։

Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմիններու ժողովի բացման առթիւ Հռոմ, Վատիկանի ներքին գործոց նախարարը` գերպ. ֆիլոնի ժողովականներուն ըսաւ թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեծապէս մտահոգ է Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հաւատացեալներու կացութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս մտահոգ է անոնց համար որ կը տառապին եւ ապագայի համար անոնց որոնք ոչ մէկ հեռանկար ունին։ Բազմաթիւ են այն քրիստոնեաները որոնք իրենց երկրէն կը հեռանան գործազրկումի եւ ազատութեան յարգանքի պակասի հետեւանքով, իսլամ ընկերութեան մը մէջ։ Յայտնենք թէ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող մարմիններու ժողովը գումարուած է ուսումնասիրելու Կազայի քրիստոնեաներու կացութիւնը։



Ս. Աթոռը կ՛ընդգծէ գաղթականներու սատարը ընկերութեան։



Վատիկանի գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը գերպ. Մարքեթթօ, ԱՄՆի Սան Տիեկօ համալսարանի մէջ տուած դասախօսութեան ընթացքին ընդգծեց գաղթականներու բերած փոխադարձ սատարը ընկերութեան։ Ան ընդգծեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մէկ յայտարարութիւնը , որ ՜՜գաղթականութեան երեւոյթը միմիայն խնդիր մը չէ այլեւ բարեպատեհութիւն մը եւ գրաւ։ Այս բարեպատեհութիւնը առիթ կու տայ թէ մշակութային երկխօսութեան եւ թէ կրօնական երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.